ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Արցախ Ֆրութ» ընկերութեան տնօրէն Գագիկ Մինասեան յայտնած է, թէ Ատրպէյճանը արտերկիր ապրող իր քաղաքացիները յորդորած է պոյքոթի ենթարկել պահածոներ արտադրող նշեալ ընկերութեան արտադրանքը, որովհետեւ պահածոներու պիտակին վրայ նշուած է՝ «Արտադրուած է Ստեփանակերտում»:
Գագիկ Մինասեանի խօսքով, այս ընկերութեան պահածոները Ռուսիա եւ եւրոպական շարք մը երկիրներ կ՛արտածուին արդէն երկու տարիէ ի վեր:
Այդ առնչութեամբ ատրպեճանական կողմին դժգոհութիւնը զգալի դարձած է վերջին շրջանին. «Այս մասին տեղեկանում ենք հիմնականում լրատուամիջոցների օգնութեամբ: Ատրպէյճանցիներն իրենց բողոքը հիմնաւորում են փաստով, որ Ղարաբաղն, իբրեւ թէ, գտնւում է Ատրպէյճանի կազմում: Բայց ինչ որ պէտք է, արել ենք», ըսաւ Մինասեան:
Նշենք, որ ատրպեճանական կողմը բողոքագիր յղած է շարք մը երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններուն՝ պահանջելով արգիլել ղարաբաղեան արտադրանքին վաճառքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.