
«Չարթըր» այսօր յայտարարեց, որ Փետրուար 1, 2011էն սկսեալ կը ծրագրէ աւելցնել հայերէն լեզուով իր ծրագիրներուն ցանկը եւ ռուսերէն լեզուով կայան մը, որոնք կը սպասարկեն Կլենտէյլի, Պըրպենքի, Լա Քանիատայի, Լա Քրեսենթայի եւ Մոնթրոզի համայնքները: Այս փոփոխութիւնները կը ներառեն «Չենըլ 1 Ռաշա»ի (Channel 1 Russia) յաւելումը, նաեւ՝ բոլորովին նոր Ռուսերէն-Հայերէն փաթեթը, որ կ՛ընդգրկէ 5 հայերէն լեզուով կայաններ՝ «Channel 1 Russia», «ARM Music», «ARM News», «ARM Movies» եւ «Armenian Public TV»:
««Չարթըր» ուրախ է սպասարկելով Կլենտէյլի շուկայի մեր հայ յաճախորդներուն պէտքերը», կ՛ըսէ «Չարթըր»ի փոխնախագահուհի եւ ընդհանուր տնօրէնուհի Ժան Սիմոնզ: ««Channel 1 Russia»ի յաւելումով, այժմ «Չարթըր» կ՛առաջարկէ 13 կայաններ, որոնք պատշաճ են հայ յաճախորդներուն», կ՛եզրակացնէ Ժ. Սիմոնզ:
«Channel 1 Russia» կամ C1R միջազգային տարբերակն է ORT-ին (նախկին Ostankino)՝ Ռուսիոյ առաջատար պատկերասփիւռի ցանցին: C1R-ը 24 ժամեայ ռուսերէն լեզուով կայան է, որ յատկապէս ձեւաւորուած է Միացեալ Նահանգներու ռուս համայնքներու ընտանիքներուն համար: C1R-ի ծրագիրները կ՛ընդգրկեն Ռուսիոյ հանրայայտ առաջատար լրատուամիջոց՝ Vermya-էն լուրերու հեռարձակում, բարձր որակի ժամանց՝ ֆիլմեր, լուրեր, խաղերու յայտագիրներ, երեխաներու յատուկ ծրագիրներ, կատակերգութիւն, «թոք շօ»եր, գիտութեան, բնութեան եւ աշխարհագրութեան մրցանակ ստացած ծրագիրներ ու ամառնային եւ ձմեռնային մարզական խաղերու իրադարձութիւններ, ինչպէս նաեւ ամէնէն հեղինակաւոր «club championship»ները: C1R-ը «Չարթըր Թի.Վի.»ով պիտի փոխանցուի թուայնային «Քէյպըլ»ի (Digital Cable)՝ 395 ալիքով, եւ ամսականը 14.99 տոլար է:
Ռուսերէն-Հայերէն Փաթեթը, որ նաեւ Փետրուար 1ին սկիզբ պիտի առնէ, պիտի ներառէ հինգ կայաններ՝ ամսական 35 տոլարով: Հինգ կայաններն են՝ «Cannel 1 Russia»ն, որ 395 ալիքի վրայ կը սկսի Փետրուար 1ին, «ARM Music»ը՝ ներկայիս 399 ալիքի վրայ, «ARM News»ը՝ ներկայիս 398 ալիքի վրայ, «ARM Movies» 397 ալիքի վրայ, եւ «Armenian Public TV»՝ ներկայիս 396 ալիքի վրայ: «Charter TV in Digital»ի յաճախորդները պիտի կարենան վայելել Ռուսերէն-Հայերէն Փաթեթի Անվճար Նախադիտում մը Փետրուար 1էն Փետրուար 10:
Յաճախորդները պիտի ունենան ընտրութիւնը բաժանորդագրուելու իւրաքանչիւր կայանին՝ առանձինն կամ բոլոր 5 կայաններուն՝ Ռուսերէն-Հայերէն Փաթեթին:
Վերջապէս, «Չարթըր» նաեւ պիտի նուազեցնէ «ARM Packag»ի ներկայի բաժանորդագրութեան սակագինը ամսական 30 տոլարէն 14.99ի: Սակագիներու փոփոխութիւնն ալ տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 1, 2011ին, որ կը զուգադիպի «Channel 1 Russia»ի եւ նոր Ռուսերէն-Հայերէն Փաթեթի ներկայացումին:
«Չարթըր»ի Մասին
«Չարթըր Քոմիւնիքէյշընզ, Ինք.»ը (Charter Communications, Inc.) Fortune 500 ընկերութիւն մըն է եւ Միցեալ Նահանգներու չորրորդ մեծագոյն «քէյպըլ»ով բանողը: «Չարթըր» կը հայթայթէ յառաջացած «վիտէօ», արագ «ինթերնեթ» եւ հեռաձայնի ծառայութիւն՝ 27 նահանգներու շուրջ 5.5 միլիոն բնակարաններու եւ գործարկութիւններու յաճախորդներուն:
Յունուար 14, 2011
Իրուինտէյլ, Քալիֆորնիա