ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- «APA» լրատուական գործակալութեան տուեալներով, այս տարի Ատրպէյճան պիտի սկսի 120 մմ. տրամաչափով ականանետներու արտադրութեան: Ատրպէյճանցի մասնագէտներու կողմէ կատարելագործուած նշեալ զէնքը պիտի ըլլայ տիեզերական. անիկա պիտի կրակէ ռումբերով եւ ականներով: Կը սպասուի, որ տիեզերական այս զէնքը, փորձարկումէ ետք՝ շահագործուի այս տարուան առաջին կիսուն:
Մարտին Ատրպէյճան պիտի սկսի նաեւ 82 մմ. տրամաչափով «M-5» ականանետներու զանգուածային արտադրութեան: Կը հաղորդուի, որ արտադրուած ականանետները պիտի արտածուին դէպի մերձաւոր-արեւելեան երկիրներ:
Եթէ այս յայտարարութիւնը Միջազգային Օրենքի համացայն «նախայարձակումի» համազոր չէ՝ որը անակնկալի կը կարոտի, և ուր նման պարագայի մը օրինակը 1967-ի վեց օրուայ պատերազմը ըսկսաւ Իսրայէլի ու Եգիպտոսի միջեւ ուր Եգիպտոսը նախայարձակ նկատուեցաւ՝ այն պատճառաւ թէ՛ Նախագահ Ապտելնասըրի Սպառնալիքները առաջացուցին Իսրայէլի յարձակումը. և եթէ միջազգային ընկերութիւնը կ՛արտոնէ- այսօր հնարել և վաղը գործածել- զանգուածային բնաջնջումի անդասական ու արգիլուած զենքեր՝ այս պարագային Հայաստանի համար ինքնապաշտպանութիւնը Նախայարձակում չ՛ի նկատուիր։
Մարդկային Ընկերութեան մէջ ուրիշի մը «Սպառնալ» ոճիր է՛։