ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան տուեալներով, Փետրուար 3ին, Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է ընդլայնուած խորհրդակցութիւն մը՝ իշխանութեան օրէնսդիր, գործադիր մարմիններուն եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բանակին հետ համագործակցութեան հարցեր: Իր խօսքին մէջ երկրին ղեկավարը նշած է, թէ մեր պետութեան ու ժողովուրդի անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը պաշտպանութեան բանակն է, որուն մարտունակութեան բարձր մակարդակը կը հանդիսանայ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան պահպանման եւ հարեւան պետութեան ապակառուցողական քայլերէն զերծ պահելու կարեւորագոյն գործօններէն մէկը:
Բակօ Սահակեան ընդգծած է, թէ արդի ժամանակահատուածին անհրաժեշտ է ուշադրութեան կեդրոնի վրայ պահել բանակ-հասարակութիւն յարաբերութիւնները նոր մակարդակի հասցնելու ուղղուած խնդիրներն ու քայլերը: Այս ծիրէն ներս, նախագահը կարեւոր համարած է պաշտօնեաներու եւ հասարակական հատուածի ներկայացուցիչներու աւելի յաճախակի այցելութիւնները զօրամասեր, հանդիպումները տեղի անձնակազմին հետ եւ անհրաժեշտ օգնութեան ցուցաբերումը՝ նպաստելու համար բանակին առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման գործին:
Նախագահը ընդգծած է, թէ պաշտպանութեան բանակին հետ աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս անոր նկատմամբ վերաբերմունքին գծով, պէտք է զերծ մնալ ձեւականութիւններէ ու կեղծիքէ. «Ես խորապէս համոզուած եմ, որ յատկապէս անցած տարուայ դէպքերը տեղի են ունեցել ոչ միայն զինուած ուժերի հրամանատարութեան բացթողումների, այլ նաեւ իմ ու ձեր՝ պարտականութիւնները ոչ լիարժէք կատարելու հետեւանքով, որովհետեւ այստեղ նոյնպէս ձեւականութիւնն է տեղ գտել մեր կեանքում», յայտնած է նախագահ Սահակեան՝ աւելցնելով, որ «Ձեւականութիւնն ու անտարբեր վերաբերմունքը զինուած ուժերի նկատմամբ՝ անթոյլատրելի է», քանի որ, ըստ նախագահին, «դա չի նպաստում ոչ երկրի զարգացմանը, ոչ էլ Պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան բարձրացմանը, յատկապէս մեր երկրի դէպքում, որի հարեւանն ամէն օր ու ժամ յայտարարում է հիմնախնդիրը ռազմական ճանապարհով լուծելու մասին»:
Նախագահ Սահակեան խօսած է նաեւ զինուած ուժերուն մէջ տեղ գտած բացասական երեւոյթներուն՝ կաշառակերութեան եւ յափշտակութիւններու մասին:
«Եւ մինչեւ այս երեւոյթները չվերանան, մենք ձեզ հետ միասին պէտք է դադարենք երազել մեր յաջողութիւնների մասին: Նման պայմաններում, բանակը ներուժ չի ունենայ հակառակորդին ջախջախելու համար, եւ եթէ խուսափում ենք այդ ճշմարտութիւնից, ապա շարունակում ենք մեր կեղծ կեանքը՝ դրանով սրբապղծելով մեր զոհուած ընկերների յիշատակը», ընդգծած է երկրին ղեկավարը: