
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Փետրուար 4ին յայտարարեց, թէ Յունուար ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը 9 տոկոսի իջած է, ինչ որ երկու տարիներու ընթացքին ամենացած համեմատութիւնն է: Դեկտեմբերին, անգործութեան համեմատութիւնը 9.4 տոկոս էր:
Տնտեսագէտները անակնկալի մատնած այս տուեալին մէկ բացատրութիւնը այն է, որ մեծ թիւով անգործ ամերիկացիներ դադրած են գործ փնտռելէ եւ այդ պատճառով, անոնց թիւը անգործներու ցուցակէն դուրս եկած է: Այլ բացատրութիւն մըն է այն իրողութիւնը, որ աւելի մեծ թիւով ամերիկացիներ սկսած են սեփական աշխատանքի նախաձեռնելու: Արդարեւ, Յունուար ամսուան ընթացքին նման աշխատողներուն թիւը 165,000ով աճած է՝ հասննելով 9.7 միլիոնի:
Նախարարութիւնը Ուրբաթ օր նաեւ հաղորդեց, թէ Յունուար ամսուան ընթացքին աշխատանքի 36,000 յաւելեալ կարելիութիւններ ստեղծուած են (նկատի ունենալով նաեւ գործէ արձակուողներուն պարագան): Այս ուսումնասիրութիւնը շերտը կը դնէ մեծ ընկերութեանց տուեալներուն վրայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ աշխատատեղերու աճը տեղի ունեցած է սովորաբար փոքր ընկերութեանց կամ անհատական մակարդակի վրայ:
Յայտնենք, որ ոչ պետական ADP հիմնարկը Չորեքշաբթի օր հաղորդած էր, թէ Յունուար ամսուան ընթացքին աշխատանքի 187,000 կարելիութիւններ ստեղծուած էին: