ԵՐԵՒԱՆ.- Խաչատուր Սուքիասեանի փաստաբաններ Արա Զաքարեան եւ Արթուր Գրիգորեան տարածած են հաղորդագրութիւն մը՝ իրենց պաշտպանեալ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Խաչատուր Սուքիասեանի (կռզօ) նկատմամբ քրէական հետապնդման դադրեցման մասին:
Նշենք, որ Խաչատուր Սուքիասեանի ու անոր գործունէութեան դէմ ճնշումները սկսած էին, երբ ան բացայայտօրէն զօրակցած էր Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հակաիշխանական ցոյցերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.