ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Ժագ Ս. Յակոբեանի «Լիլոյշ Ա. Տոչոր» քնարավէպի ողջունահանդէսը տեղի պիտի ունենայ ԹՄՄ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ (1901 N. Allen Ave., Altadena), Կիրակի, Փետրուար 20ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ:
Ելոյթ պիտի ունենան Լորա Գույումճեան եւ փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, իսկ գեղարուեստական յայտագիրին պիտի մասնակցին Գագիկ Բատալեան, Յակոբ Գալայճեան, Սեւակ Ղազարեան եւ ուրիշներ:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն, իսկ հեղինակը իր գիրքերէն պիտի նուիրէ ներկաներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.