Երկուշաբթի, Յունուար 31ին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ընկերակցութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննէսեանի եւ հիւպատոսարանի պաշտօնեաներու, ժամանեց առաջնորդարանի «Արմէն եւ Կլորիա Համբար» դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում եւ հիւրասիրութիւն: Հիւրերը դիմաւորելու համար առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողքին էին՝ առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան, իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան, Անդրանիկ Զօրայեան, թեմական խորհուրդի գանձապահ Լիլի Ռինկ Պալեան եւ տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութեան զարգացման կարեւորութիւնը, իսկ նախարարը իր ելոյթով ներկայացուց նախարարութեան ծրագիրները եւ հեռանկարները: Տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի պահ, որուն ընթացքին նախարարը տուաւ յաւելեալ լուսաբանութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.