Քոսթա Մեսայի Ս. Աստուածածին Հայց. եկեղեցւոյ 25րդ տարեդարձին առթիւ, Կիրակի, Յունուար 30ին, Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան. արարողութեանց մասնակցեաւ նաեւ նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան: Հիւրաբար ներկայ էր նաեւ Զենոբ Ա. քհնյ. Նալպանտեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Խաչատուրեան» դպրաց դասի երգչախումբը: Ներկայ էին նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ պաշտօնավարող Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Այս առիթով, Ամենայն հայոց վեհափառին կողմէ ղրկուած էր օրհնութեան գիր մը:
Պատարագի աւարտին, Նիուփորթ Պիչի «Մարիոթ» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ: Սեղաններուն օրհնութիւնը կատարեց առաջնորդը, իսկ բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավար տոքթ. Ճան Յովհաննէսեան: Ապա ելոյթներ ունեցան Սուրէն Թումանեան, դոկտ. Վահրամ Պիրիճիք եւ Անդրանիկ Զօրայեան:
Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան եկեղեցւոյ «Զուարթնոց» երգչախումբն ու պարախումբը: Ծուխին հոգեւոր հովիւ Մուշեղ Ա. քհնյ. Թաշճեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին, որ մօտէն կը հետաքրքրուէր ծուխի կեանքով, եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծուխի հիմնադիր Վաչէ արք. Յովսէփեանին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հիւպատոս Յովհաննիսեանին եւ նախարար Յակոբեանին, որոնք իրենց կարգին շնորհաւորական եւ գնահատական խօսքով հանդէս եկան:
Ապա, Վաչէ արք. Յովսէփեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ 25 տարիներ առաջ ինչպիսի՛ համեստ պայմաններով կեանքի կոչուած էր ծուխը, եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ տէր հօր, ծխական խորհուրդի եւ յարակից կազմակերպութիւններու յարատեւ ջանքերով ծուխը յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ:
Ապա, հանդիսավարը կարդաց եկեղեցւոյ աւագ կնքահայր՝ տէր եւ տիկին Ճիվան եւ Փինա Գալֆայի շնորհաւորական եւ ողջոյնի խօսքը, իսկ առաջնորդը կատարեց փակման խօսքը ու Օրհնութեան եւ Գնահատանքի վկայագիր յանձնեց երէցկին Սիլվա Թաշճեանին: Ան նաեւ ծուխի հոգեւոր հովիւը «Պատուոյ կնքահայր» յայտարարեց Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին: Ապա, առաջնորդը ծխական խորհուրդի ատենապետ Սուրէն Թումանեանն, տիկնանց միութեան ատենապետ Քլոտեթ Մքալեանը եւ եկեղեցւոյ երգչախումբերու ղեկավար Ռուբէն սրկ. Օզսողոմոնեանը պարգեւատրեց առաջնորդարանի «Հայ Ոգի» շքանշանով: Ս. Թումանեան նաեւ յիշատակի նուէրներ բաժնեց հանդիսավար տոքթ. Ճան Յովհաննէսեանին, ծխական խորհուրդի անդամներուն, փոքրիկներու «Զուարթնոց» երգչախումբ-պարախումբի ատենապետ Դալար Զօրայեանին եւ Ռոզ Հաչիկեանին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.