
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի ոստիկանութեան հայկական խորհրդատու մարմինը Դեկտեմբերին խաղալիքներու հաւաք մը կազմակերպած էր: Դեկտեմբեր 16ին, նշեալ խաղալիքներով բեռնաւորուած՝ մարմինի անդամները այցելեցին Փասատինայի ոստիկանատունը, որ հաւաքուած նուէրները բաժնեց կարօտեալ երեխաներու, բարեսիրական զանազան կազմակերպութիւններու ճամբով:
1996ին հաստատուած սոյն մարմինը, 15րդ յաջորդական տարին ըլլալով իրականացուց խաղալիքներու սոյն նուիրահաւաքը, որուն համար Փասատինայի ոստիկանապետ Ֆիլիփ Սանչեզ շնորհակալութիւն յայտնեց:
Նոյն օրը, ոստիկանապետին ի պատիւ ընթրիք մը կազմակերպուած էր վերոյիշեալ մարմինին կողմէ, Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ:
Սոյն կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (626) 792-9597 թիւին: