
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, Փետրուար 9ին կայացաւ յոյշ-ցերեկոյթ մը՝ նուիրուած պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչ Ալեքսանդր Միասնիկեանի ծննդեան 125ամեակին:
Յոբելեանին առթիւ, գրադարանի ցուցափեղկերով ներկայացուած էին Ալ. Միասնիկեանի նուիրուած եւ անոր հեղինակած գիրքերէն մաս մը, ինչպէս նաեւ մամուլի մէջ տպագրուած անոր յօդուածները: Ցուցադրուած էին շուրջ 18 ամսագիրներ եւ 42 գիրքեր:
Ըստ Ազգային գրադարանի փոխտնօրէն Ռաֆիկ Ղազարեանի, 1925-1990ի միջեւ Հայաստանի Ազգային գրադարանը կրած է անունը Ալ. Միասնիկեանի, որ մեծ ներդրում ունեցած է գրադարանի կայացման գործին մէջ: Ազգային գրադարանին մէջ կը պահպանուի Միասնիկեանի անձնական գրադարանի հաւաքածոն, զոր գրադարանին նուիրած է անոր այրին՝ Սուսաննա Տէրեան-Միասնիկեանը:
«Մեասնիկեանն առաջին հերթին մեծ էր որպէս քաղաքական, պետական գործիչ, զօրահրամանատար, ինչպէս նաեւ հայ մարդ: Նրա անունը ոսկէ տառերով է գրուած հայոց պատմութեան մէջ», նշեց Ղազարեան:
Նշենք, որ պետական, կուսակցական գործիչը հեղինակ է նաեւ շարք մը աշխատութիւններու, որոնք նուիրուած են յեղափոխական շարժումներու պատմութեան եւ հայ գրականութեան հարցերուն: