ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Խոսրովի անտառին մէջ գտնուող Գիլանի արգելավայրի խնդրին մասին՝ Փետրուար 10ին լրագրողներու հետ խօսեցան «էքոլոկիական հասարակական դաշինք»ի անդամները, որոնք յայտնեցին, թէ իրենք կառավարութենէն կը պահանջեն քանդել Խոսրովի արգելոցին մէջ գտնուող Գիլանի արգելավայրի հիւրանոցային-շինութիւնները:
Հասարակական դաշինքի անդամ Կարինէ Դանիէլեան նշեց, որ Գիլանի արգելավայրին մէջ շինութիւններուն առկայութիւնը ՀՀ շարք մը օրէնքներու եւ նոյնիսկ միջազգային համաձայնագրի խախտում է: Անոր խօսքով՝ խախ-տուած են նաեւ «Շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան մասին օրէնք»ն ու «Հողային օրէնսգիրք»ի շարք մը կէտեր:
Հասարակական գործիչ Մարիամ Սուխուդեան բնապահպանութեան նախարարութեան կոչ ուղղեց՝ կամաւորներէ բաղկացած համակարգող խումբ ստեղծել ու այցելել Խոսրովի արգելոց եւ տեղւոյն վրայ տեսնել, թէ ինչ կը կատարուի այնտեղ: