ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Փետրուար 11ին հրաւիրած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսած է երկրին մէջ սպառողական ապրանքատեսակներու գնաճին մասին: Կառավարութեան ղեկավարին խօսքով, վերջին տարիներուն, ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, նաեւ Արցախի մէջ արձանագրուող գնաճը պայմանաւորուած է հացահատիկային մշակաբոյսերու քիչ բերքատուութեամբ եւ բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացումով: Արցախ ներածուող պարէնային ապրանքատեսակներուն գիները նոյնպէս կը ձեւաւորեն շուկայական յարաբերութիւնները: Պարէնային անվտանգութեան ապահովման համար, Ա. Յարութիւնեանի համոզումով, անհրաժեշտ է խթանել տեղական մթերքներու, յատկապէս՝ գիւղական մթերքներու արտադրութիւնը:
Ա. Յարութիւնեանի խօսքով, գիւղատնտեսութեան զարգացման համար անհրաժեշտ են մեծ ներդրումներ, որուն հնարաւորութիւնը պետութիւնն այսօր չունի: Ներկայիս կ՛իրականացուին տարբեր ծրագիրներ՝ անասնապահութեան զարգացման, գիւղական գիտարուեստի ձեռքբերման ու հացահատիկային մշակաբոյսերու բարձր բերքատուութեան ուղղութեամբ, առանց որոնց, հնարաւոր չէ զարգացնել տնտեսութիւնը եւ դառնալ ապահով երկիր՝ պարէնային տեսանկիւնէն:
Վարչապետը նաեւ նշած է, որ հարկ է հնարաւորինս սահմանափակել ցորենի արտածումը: Անոր խօսքով, բոլոր նախադրեալները՝ կան այս տարի բարձր բերք ակնկալելու համար. ցանուած է շուրջ 40 հազար հեքթար ցորեն, մինչ այդ, ցորեն եւ ալիւր արտադրող ձեռնարկատէրերուն յանձնարարուած է մեծ շահոյթներ չհետապնդել եւ սակագիներու անհիմն յաւելումներ չընել:
Կառավարութեան ղեկավարը վստահեցուցած է, թէ գնաճը պիտի շարունակուի միայն մինչեւ Յունիս, իսկ ամրան ընթացքին նկատելի պիտի ըլլայ գիներու անկումը: