ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Փետրուար 14ին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սկսած է հրամանատարական զօրավարժութիւնը, որուն մէջ, բացի պաշտպանութեան բանակէն՝ ընդգրկուած են նաեւ Արցախի ուժային, առողջապահական եւ ռազմական նշանակութեան բոլոր գերատեսչութիւններն ու հանրապետութեան զօրահաւաքային կեդրոնները:
Ուժերու եւ միջոցներու աննախադէպ ծաւալով իրականացող սոյն զօրախաղերուն նպատակն է՝ կատարելագործել երկրին մէջ առկայ ռազմական եւ թիկունքային ապահովման ներուժի մարտական կիրառման հնարաւորութիւնները, բարձրացնել զօրավարժութեան մասնակից անձնակազմին մարտական պատրաստութիւնն ու պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման պարագային՝ պարզել ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի, ոստիկանութեան, Արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, առողջապահութեան եւ ռազմական այլ ոլորտներու պատրաստութեան ու համագործակցութեան աստիճանը:
Զօրավարժութիւններուն ընթացքին յատուկ ուշադրութեան կ՛արժանանան հանրապետական ու տարածքային զինուորական հրամանատրութիւններու գործունէութիւնը, անոնց կողմէ իրականացուող զօրահաւաքն ու համալրման գործընթացը՝ ըստ զօրամասերու եւ ստորաբաժանումներու: Ինչպէս կը յայտնեն պաշտպանութեան բանակի Լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժինէն, հրամանատարական զօրավարժութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Փետրուար 19: