ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ըստ կրթական գիտարուեստներու ազգային կեդրոնի վերլուծական բաժինի վարիչ Գագիկ Պատունցի, Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր 26 աշակերտին բաժին պիտի իյնայ մէկ համակարգիչ: Պատունցի հաւաստիացումով, անցեալ տարի այդ ցուցանիշը 36ի համար մէկ էր: Բարելաւումը կապուած է ե՛ւ դպրոցներուն մէջ համակարգիչներու թիւի աւելացման, ե՛ւ ուսանողներու թիւի որոշ կրճատումին հետ:
Կեդրոնի վերջին տուեալներուն համաձայն, 2010 Հոկտեմբերի դրութեամբ՝ երկրի դպրոցներուն 81 տոկոսը կ՛օգտուի համացանցէն: Գագիկ Պատունցի խօսքերով, 2011ին 414 դպրոց եւս կը միանայ միասնական դպրոցական ցանցին։