ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան եւ Ասիական զարգացման դրամատան Քաղաքային ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագիրի ղեկավար Առնօ Դոֆին երէկ, հանդիպման մը ընթացքին քննարկած են մայրաքաղաքի փոխադրամիջոցներու բարեփոխումներու վարկային միջոցներու ներգրաւման հարցեր:
Ասիական զարգացման դրամատան կողմէ նախատեսուող վարկային ծրագիրի առաջին փուլին համաձայն, կը ծրագրուի կառուցել քաղաքին կեդրոնը բեռնաթափող եւ քաղաքը շրջանցող երկու նոր գլխաւոր ճանապարհ:
Մայրաքաղաքի կառոյցներուն զարգացումը կարեւոր նկատելով՝ Կարէն Կարապետեան ընդգծած է, թէ քաղաքապետարանը շահագրգռուած է դրամատան խորհրդատուներուն կողմէ ներկայացուած քաղաքային փոխադրամիջոցներու ծրագիրներով: