ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մոսկուայի «Էքսփօցենթր» համալիրին մէջ Փետրուար 7-11ի ընթացքին կայացած է «Փրոտ-Էքսփօ 2011» ներկայացուցչական 18րդ միջազգային ցուցահանդէսը, ուր հայաստանեան «Աշտարակ կաթ» ընկերութիւնը պարգեւատրուած է ոսկէ մետալով:
Ցուցահանդէսին մասնակցած են 55 երկիրներէ աւելի քան 2000 ընկերութիւններ: Անոնց շարքին՝ «Աշտարակ կաթ»ը, որ իր երկու ապրանքատեսակներուն համար դարձած է «Լաւագոյն արտադրանք 2011»ի դափնեկիրը եւ պարգեւատրուած է ոսկէ մետալով:
«Փրոտ-Էքսփօ» ցուցահանդէսին ոսկէ մրցանակին արժանացած են «Աշտարակ կաթ»ի «Լոռի» պանիրը եւ «Լեկենտի Արմէնի» ապրանքանիշի անուշները: