ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի իշխող միացեալ կառավարութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, այսօր կը ստորագրէ համագործակցութեան մասին նոր փաստաթուղթ մը, որ կը համաձայնեցնէ 2013ի նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ գործակցող երեք կուսակցութիւններուն հետագայ քայլերը:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մօտ կանգնած աղբիւրներուն համաձայն, փաստաթուղթին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է, որ երեք կուսակցութիւնները 2013ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն պիտի սատարեն երկրի ներկայիս գործող նախագահին:
Նշենք, որ իշխող միախառն կառավարութեան համագործակութեան մասին լուրերը տարածուած էին քանի մը օր առաջ: Աւելին, որոշուած էր նոյնիսկ նշեալ փաստաթուղթին ստորագրման օրը: Իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչները հաստատած էին այդ տեղեկութիւնը, սակայն աւելի ուշ հրաժարած էին իրենց խօսքերէն: Այժմ միախառն կառավարութեան ներկայացուցիչները անգամ մը եւս անպաշտօն ձեւով կը հաստատեն այդ փաստաթուղթին մասին լուրը: