ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Երեւանի ճարտարագիտութեան եւ շինարարութեան պետական համալսարանի (ԵՃՇՊՀ) տնօրէն Յովհաննէս Թոքմաճեանի, այս տարի կը լրանայ համալսարանի հիմնադրման 90 ամեակը: Այս առթիւ նախատեսուած են շարք մը հանդիսութիւններ։
Տնօրէնին հաւաստումով, Յուլիս 1-7ի ընթացքին, Հայաստանի նկարիչներու միութեան տան մէջ պիտի իրականանայ նշեալ համալսարանի դասախօսներու, ուսանողներու եւ շրջանաւարտներու նկարներու ցուցահանդէս մը, իսկ Հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ «Շինարարութեան եւ ճարտարագիտութեան արդի հիմնախնդիրները» թեմայով գիտաժողովը: Յ. Թոքմաճեանի խօսքով, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀ երկիրներու շինարարական համալսարաններու ընկերակցութեան նիստը: Տարուան ընթացքին նաեւ, ԵՃՇՊՀի ուսանողները Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ պիտի մասնակցին մշակութային եւ կրթական տարբեր ձեռնարկներու, որոնք պիտի կազմակերպուին ԵՃՇՊՀի եւ տեղի համալսարաններուն կողմէ գործակցաբար: Յ. Թոքմաճեան նշեց նաեւ, որ կը նախատեսուին շարք մը գիրքերու հրատարակութիւններ:
«Շինարարութիւն մասնագիտութիւնը երկար տարիների պատմութիւն ունի: Նրա հիմնական զարգացումը եղել է խորհրդային առաջին իսկ տարիներից, եւ այն արդիւնքները, որ մենք այսօր ունենք, հիմք են դրուել այդ ժամանակուանից», նշեց Յ. Թոքմաճեան:
1921 Հոկտեմբերին, Երեւանի ժողովրդական համալսարանին մէջ ստեղծուեցաւ գիտարուեստական բաժինը՝ երկու մասնագիտութիւններով՝ ճարտարագիտական եւ գիտարուեստական: 1930ին, հիմնադրուեցաւ շինարարական հիմնարկը՝ երեք բաժինով՝ ճարտարագիտա-շինարարական, գիտարուեստական եւ քիմիական:
1933ին կազմաւորուեցաւ Երեւանի ճարտարագիտական հիմնարկը, իսկ 1989ին՝ Երեւանի ճարտարապետա-շինարարական հիմնարկը՝ հիմք ունենալով ճարտարապետա-շինարարական եւ շինարարական բաժինները: Հետագային, անիկա վերանուանուեցաւ Ճարտարագիտութեան եւ շինարարութեան պետական համալսարան:
Համալսարանը այսօր մասնագէտներ կը պատրաստէ իր վեց բաժանմունքներուն մէջ՝ ընդգրկելով 21 մասնագիտութիւն: Ներկայիս անիկա ունի շուրջ երեք հազար ուսանող, որոնցմէ շուրջ 400ը՝ արտասահմանէն՝ Իրան, Ռուսիա, Վրաստան, Սուրիա եւ այլն: Յ. Թոքմաճեանի համաձայն, կը նախատեսուի աւելցնել արտասահմանցի ուսանողներուն թիւը: