
ԱՄՆի Քալիֆորնիա նահանգին մէջ գործող հայկական վարժարաններուն միջեւ գործակցութեան զարկ տալու, ընդհանրական մտահոգութիւնները միասնաբար կիսելու եւ հայեցի դաստիարակութեան հետ առնչուած հարցերը քննարկելու նախանձախնդրութենէն թելադրուած, Հինգշաբթի Փետրուար 3, 2011ի կէսօրէն ետք ժամը 1։30ին Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի գրադարանին մէջ հայկական վարժարաններու տնօրէնները գումարեցին յատուկ ժողով մը։
Այս ժողովի ընթացքին տնօրէնները քննեցին Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան կողմէ Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն տրամադրուող դասագիրքերու, ուսումնական գրականութեան, ուսումնաօժանդակ նիւթերու եւ ընդհանրապէս նախարարութեան հետ գործակցութեան պարագան։
Յետ համապարփակ քննութեան եւ խորհրդակցութեան, տնօրէններու ժողովը հաստատեց՝
ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան կողմէ Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն տրամադրուող օժանդակութիւնը միշտ ալ արժանացած է բարձր գնահատանքի։ Այսուամենայնիւ, հարկ է խորքային բովանդակութիւն հաղորդել Սփիւռքի հայկական գաղթօճախներուն մէջ գործող կրթական հաստատութեանց եւ ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան միջեւ հաստատուած գործակցութեան։ Այդ գործակցութեան զարգացման համար անհրաժեշտ է փոխադարձ ճանաչողութիւնը, Սփիւռքի կարիքներուն եւ նախարարութեան հնարաւորութիւններուն առարկայական արժեւորումը եւ մնայուն խորհրդակցութեան հաստատումը։
1. ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան կողմէ Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն տրամադրուող դասագիրքերու, ուսումնական գրականութեան եւ այլ ուսումնաօժանդակ նիւթերու օգտագործման հիմնական դժուարութիւնը՝ ուղղագրութեան հարցն է։ Սփիւռքի այլ գաղթօճախներուն նման, Քալիֆորնիոյ հայկական վարժարանները եւս Հայոց Լեզուն կ՛ուսուցանեն դասական ուղղագրութեամբ, մինչ Հայաստանէն ուղարկուած ուսումնական հրատարակութիւնները եւ նիւթերը պատրաստուած են խորհրդային ուղղագրութեամբ, ինչ որ անկարելի կը դարձնէ դասարանէն ներս անոնց օգտագործումը։
2. Գաղութէն ներս պատրաստուած Հայոց Լեզուի դասագիրքերուն մեծ մասը ցարդ կը գոհացնէ մեր վարժարաններուն կարիքները, յատկապէ՛ս մանկապարտէզի ու նախակրթարանի պարագային։ Միջնակարգի եւ երկրորդականի պարագային, սակայն, անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի նոր դասագիրքերու, որոնք հարկ է որ մշակուին եւ պատրաստուին մեր աշակերտներու եւ տեղական պայմաններու առանձնայատկութիւններէն մեկնելով։ Այս առումով օգտակար կրնայ ըլլալ դասագիրքերու մշակման աշխատանքին մէջ մասնագիտացած հայրենի մանկավարժներուն հետ գործակցութիւնը։
3. Գաղութիս հայկական վարժարաններէն ներս հիմնական կարիքը կը զգացուի հայեցի դաստիարակութեան հետ առնչուած լսատեսողական ուսումնական նիւթերու )Software, Educational Games, CDs, DVDs, եւայլն(։ Այս մարզէն ներս մեծ ներդրում կրնայ ունենալ ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութիւնը, նիւթերու պատրաստութեան մէջ միշտ նկատի ունենալով ուղղագրութեան պարագան։
4. Դասագիրքերու կողքին հայեցի դաստիարակութեան համար կենսական նշանակութիւն ունին ուսումնական գրականութիւնն ու ուսումնաօժանդակ նիւթերը )պատմուածքներ, աշխարհագրական, պատմական ու մշակութային թեմաներով հրատարակութիւններ, քարտէսներ, պատկերներ, եւալն(։ Այս պարագային եւս, նիւթերու մշակման ընթացքին նկատի պէտք է ունենալ ուղղագրութեան պարագան։
5. ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան կողմէ Հայաստանի մէջ կազմակերպուող մանկավարժներու խորհրդաժողովները լաւագոյն առիթներն են, համախմբելու համար նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին նուիրուած մշակները։ Այսուամենայնիւ, այդ խորհրդաժողովները աւելի նպատակային ու արդիւնաւոր դարձնելու համար, անհրաժեշտ կը համարենք ընդհանուր հաւաքներու կողքին կազմակերպել նեղ մասնագիտական ու տարածաշրջանային կարիքներուն համապատասխան աշխատանիստեր ու խորհրդաժողովներ։ Ինչպէս նաեւ՝ այս խորհրդաժողովներուն զուգահեռ կազմակերպել տնօրէններու առանձին խորհրդաժողովներ, քննելու համար հայեցի դաստիարակութեան եւ դպրոցական կեանքին առնչուող հիմնական հարցեր։
Կը հաւատանք, որ վերոնշեալ հաստատումները օգտակար մեկնակէտ կրնան դառնալ ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան եւ Քալիֆորնիոյ մէջ գործող հայկական ամէնօրեայ վարժարաններուն միջեւ մնայուն խորհրդակցութեան հաստատումին եւ գործակցութեան զարգացման։
Այս հաղորդագրութեան տակ ստորագրած են Հայկական Վարժարաններու Տնօրէններու Խորհուրդի անդամներ՝
* Յակոբ Յակոբեան, տնօրէն՝ ՀԲԸՄ Մանուկեան–Տէմիրճեան վարժարանի
* Թալին Քարկոտորեան, տնօրէնուհի՝ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի
* Վարդգէս Գուռույեան, տնօրէն՝ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի
* Յովսէփ Ինճեճիկեան, տնօրէն՝ Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ Աւետ. Վարժարանի
* Սօսի Շանլեան, տնօրէնուհի՝ Սահակ-Մեսրոպ Հայ քրիստոնէական վարժարանի
* Քոյր Լուսիա Ալ Հայէք, տնօրէնուհի՝ Հայ քոյրերու վարժարանի
* Հայր Դաւիթ Ղազարեան, տնօրէն՝ Մխիթարեան հայրերու վարժարանի
* Շահէ Մանկրեան, տնօրէն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ալֆրէտ եւ Մարկարիթ Յովսէփեան վարժարանի
* Ժան Գոսագեան, տնօրէն՝ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան եւ Գապայեան ազգային վարժարանի
* Սեդօ Պօյաճեան, տնօրէն՝ Մեսրոպեան ազգային վարժարանի
* Նազօ Աբանեան, տնօրէն՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանի
* Վազգէն Մատէնլեան, տնօրէն՝ Վահան եւ Անուշ Շամլեան ազգային վարժարանի
* Կրէյս Անտոնեան, տնօրէնուհի՝ Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական ազգային վարժարանի
* Գոհար Զահըր, տնօրէնուհի՝ Արի Կիրակոս Մինասեան ազգային վարժարանի
* Յովան Թաշճեան, վարիչ գործավար՝ Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմնի