
ՍՏԱՄԲՈՒԼ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ լրագրողներու միութիւնն ու Ժամանակակից լրագրողներու ընկերակցութիւնը ամէն տարի, Ապրիլ 6ին, լրագրողներու սպաննութեան օրը, կը յիշատակեն 1905էն մինչեւ մեր օրերը այդ երկրին մէջ սպաննուած լրագրողներուն անունները:
Թրքական «Թարաֆ» թերթի լրագրող Ռոպեր Քոփթաշ «Թուրքիոյ մէջ քանի՞ լրագրող սպաննուած է» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ կը հարցնէ. « Թուրքիոյ լրագրողներու ընկերութիւնը ե՞րբ պիտի յիշատակէ 1915ին սպաննուած հայ լրագրողները»: Ռ.Քոփթաշ կը գրէ, որ երկու կազմակերպութիւններուն կողմէ յիշատակուող ցուցակին մէջ , ուր ընդգրկուած են 1905-2009ին սպաննուած լրագրողներուն անունները, հայ լրագրողներէն կը նշուի միայն 2007ին սպաննուած Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայ խմբագրապետ Հրանդ Տինքի անունը:
«Թարաֆ»ի սիւնակագիրը նկատել կու տայ, որ պատմական փաստերու վկայութեամբ՝ 1915ին երիտթուրքերու կազմակերպած հայերու տեղահանութեան եւ ջարդերու ժամանակ սպաննուած են տարբեր մասնագիտութեան բազմաթիւ մարդիկ, որոնց մէջ նաեւ եղած են բազմաթիւ հայ լրագրողներ:
Թերթը կը յիշեցնէ, որ 2010ին լրագրող Պիւլենթ Թելլանի կողմէն պատրաստուած՝ «Արիւնոտ գրա-քննութիւն» խորագրով զեկոյցին մէջ նշուած են 1915ին սպաննուած 22 հայ լրագրողներու եւ այլազգ տաս լրագրողներու անունները: Այդ զեկոյցը ներկայացուած է լրագրողներու սպանութիւններու հետազօտութեան վերաբերեալ՝ Թուրքիոյ լրագրողներու միութեան յայտարարած մրցոյթին եւ արժանացած ժիւրիի ուշադրութեան, սակայն ընթացք չէ ստացած:
«Իբրեւ արդիւնք՝ լրագրողներու միութեան նախագահ Օրհան Էրինչը անցեալ շաբաթ՝ 1979ին սպաննուած «Միլիեթ» թերթի լրագրող Ապտի Իփեքչիի գերեզմանին՝ նշեց սպաննուած լրագրողներէն միայն 63ի անունները՝ դարձեալ անտեսելով 1915ին սպաննուած 22 հայ լրագրողները», կը գրէ «Թարաֆ»ը: