
ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հերթական եռակողմ հանդիպումը պիտի կայանայ Մարտ 5ին, Սոչիի մէջ: Այդ մասին, Փետրուար 17ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպան Մեթիու Պրայզան:
Նշենք, որ վերջին անգամ նման ձեւաչափով, երեք պետութիւններու ղեկավարները հանդիպած էին Հոկտեմբեր 27ին, Ռուսիոյ Ասթրախան քաղաքին մէջ, ուր պայմանաւորուած էին իրականացնել ռազմագերիներու եւ զոհուած զինուորական ծառայողներու դիակներու փոխանակում:
Նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Սերժ Սարգսեանի առաջին հանդիպումը կայացած է 2008 Յունիս 6ին, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, ԱՊՀ ոչ պաշտօնական վեհաժողովի ծիրէն ներս, իսկ Նոյեմբեր 2ին, մերձմոսկովեան Մայէնտորֆի մէջ, նախագահ Մետվետեւի նախաձեռնութեամբ ստորագրուած էր հակամարտութեան կարգաւորման սկզբունքները յստակացնող հռչակագիրը:
Ալիեւ եւ Սարգսեան հանդիպած են նաեւ Ցիւրիխի մէջ՝ 2009ի Յունուար 28ին, եւ Փրակի մէջ՝ Մայիս 7ին, իսկ Յունիս 4ին Ս. Փեթերսպուրի ու Յուլիս 18ին Մոսկուայի մէջ կայացած են եռակողմ հանդիպումներ: 2010 Յունուար 25ին եւ Յունիս 17ին, եռակողմ հանդիպումներ կայացած են համապատասխանաբար Գրասնայա Փոլիանայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: