
ՊԱՔՈՒ.- Իր Հինգշաբթի, Փետրուար 17ի թիւով, թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը կը գրէ, թէ Չորեքշաբթի օր ատրպէյճանցիներ անգամ մը եւս փողոց իջած են՝ բողոքելու համար վառելանիւթի տագնապին ու ելեկտրականութեան ընդհատումներուն դէմ, որոնք տեղի կ՛ունենան հակառակ այն իրողութեան, որ երկիրը ուժանիւթի հարուստ պաշարներ ունի:
Ցոյցերէն մեծագոյնը տեղի ունեցած է մայրաքաղաք Պաքուի մօտակայ Նարտարան գիւղին մէջ, եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները կոչ ըրած են Ուրբաթ օր ցոյց մը եւս իրականացնելու:
Ամերիկեան «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, թէ ընդդիմութիւնը առիթը կ՛օգտագործէ անգամ մը եւս օրակարգի վրայ դնելու անցեալ Նոյեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք զեղծարարութիւններով յատկանշուած էին եւ որոնք մէջտեղ բերած էին խորհրդարան մը, որուն 125 անդամներէն միայն մէկը իշխանամէտ կուսակցութեանց մը անդամ չէ: Ընդդիմութիւնը կը պահանջէ նոր ընտրութեանց կայացումը:
Ընդդիմադիր «Մուսաւադ» կուսակցութեան ղեկավար Իսա Համբար, «Պլումպըրկ»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտած է. «Բոլոր մենատիրական վարչակարգերը պիտի տապալին: Երկու ամիս ետք կրնան մեզի նոր ընտրութիւններու կոչ կատարել, սակայն այդ ժամանակ նոյնիսկ եթէ մենք ընդունինք, ժողովուրդը պիտի մերժէ»:
Ցուցարարները նաեւ կը պահանջեն ազատ արձակումը Ատրպէյճանի Ժողովրդական ճակատ կուսակցութեան երիտասարդական թեւի գործիչ Ճապար Սաւալանլին, որ կոչ ուղղած էր Պաքուի մէջ եւս «զայրոյթի օր» կազմակերպելու։
Յատկանշական է, որ երկրին պետական լրատու ցանցերը ընդհանրապէս անտեսած են Եգիպտոսի եւ Թունուզի ցոյցերը ու հոն տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնները, սակայն ինչպէս «Պլումպըրկ» կը գրէ, այդ իրադարձութիւնները Ատրպէյճանի մէջ կրկնելու ախորժակները նաեւ սկսած են սրելու: