
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Եւրասիական զարգացման դրամատունը, հայկական «Էքօ-Փուռ» ընկերութեան շուրջ 30 միլիոն տոլարի վարկ պիտի տրամադրէ, դէպի Հայաստան 25 հազար թոն ցորեն ներածելու նպատակով: Դրամատան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, նշեալ վարկային միջոցներու տրամադրման պայմանագիրը ստորագրուած է 2010ի Դեկտեմբերին:
«Այս տարի ԱՊՀ երկիրներու շուկային վրայ կը նկատուի ցորենի ապահովման դժուար վիճակ, եւ այս նախագիծի իրականացումը հնարաւորութիւն պիտի տայ Հայաստանի մէջ հացի եւ ալիւրի գիները ընդունելի մակարդակի վրայ պահելուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ հաղորդագրութեան, ցորենի ներածումը պէտք է կատարուի Ռուսիայէն, ուր անցեալ տարուան Օգոստոսէն ի վեր, ուժի մէջ է հացահատիկի արտածման դէմ դրուած արգելքը: