
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի կառավարող կուսակցութիւնները՝ Հայաստանի Հանրապետականը (ՀՀԿ), «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւ «Օրինաց Երկիր»ը, նախագահ Սերժ Սարգսեանի նստավայրին մէջ ստորագրած են իշխող կառավարութեան համագործակցութեան վերաբերեալ նոր յուշագիր մը, որ կ՛ենթադրէ համախմբուած մասնակցութիւն 2012ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, իսկ 2013ի նախագահական ընտրութիւններուն՝ սատարել գործող նախագահին: Փաստաթուղթը ստորագրած են ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Օրինաց Երկիր կուսակցութեան նախագահ Արթուր Բաղդասարեան եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան:
Յուշագիրին մէջ, մասնաւորաբար ըսուած է. «Նոր փոփոխութիւններին ընդառաջ՝ քոալիցիոն կուսակցութիւնները միասնական են, եւ նպատակ չունեն գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններում իրենց քաղաքական կշիռն աւելացնել միմեանց դէմ պայքար ծաւալելու եւ քոալիցիայի ներսում ուժերի յարաբերակցութիւնը փոխելու հաշուին»:
Այնտեղ նաեւ նշուած է, թէ միախառն կառավարութեան գործընկերները համոզուած են, որ փոփոխութիւններու իրականացման հետեւողականութիւնը աւելի պիտի մեծցնէ միացեալ կառավարութեան քաղաքական դերակատարութիւնն ու անոր հանդէպ հասարակութեան վստահութիւնը՝ յանգեցնելով խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ իշխող կառավարութեան ներկայացուցչութեան աճին: