ՍԱՐԳԻՍ ՎԱՀԱԳՆ
Ըստ անկրկնելի Պարոյր Սեւակի պատկերաւոր բնութագրման՝
«Մարդ կայ՝ ելել է շալակն աշխարհի, Մարդ կայ՝ աշխարհն է շալակած տանում»:

Կասկածէ դուրս է, որ հաւաքուած ենք հոս յարգանքի մեր տուրքը մատուցանելու մարդու մը, որ «աշխարհն էր շալակած տանում»: Այդ մարդը ինքզինք կը կոչէր Նուպար Մխսի Գէորգեան: Երբ մտերմիկ զրոյցի մը ընթացքին հարց տուի իրեն, թէ ինչո՞ւ սա հնաբոյր «մխսի»ն կը գործածէր, երբ Գէորգեանը ինքնին հնչեղ էր, հայաբոյր եւ արդիական: Իր պատասխանը եղաւ. «Գէորգեանը արդի մարդն է՝ իր ներկայի պատկերացումով, մինչ «մխսի»ն, ամբողջ հերոսական անցեալի մը, ազգագրական աւանդութեան մը, ծննդավայրի եւ տոհմագրութեան խորհրդանիշն է ինծի համար: Պատուոյ տիտղո՛ս մը: Առանց ատոր, ես զիս պարպուած կը զգամ տոհմիկ անցեալէս»:
Այսպիսին էր մեր սիրելի Նուպարը: Կ՛ապրէր, կը գործէր մեր ժամանակներուն հեւքով եւ կշռոյթով, սակայն ներկային մէջ նաեւ տեւապէս կը շարունակէր կրել հայու իր հոգեկան բեռը առհաւական՝ ներկան լուսաւորելով պապենական անցեալի քաղցր լոյսերով: Զարմանալի, ամբողջութեամբ իւրայատկութիւն մըն էր իր անձնաւորութիւնը: Աւանդապահութիւնը իր մօտ ձեւականութիւն չէր, բնա՛ւ, այլ՝ խորունկ համոզում եւ պաշտամունք: Ան բնաւ չկրցաւ մոռնալ իր ծծնդավայր Պէյլանը գեղաճեմ: Անոր կորուստը մնաց տեւական մորմոքը իր սրտին, իսկ յիշատակը՝ բալասանը կարօտակէզ հոգիին: Արդէն հասուն մարդ՝ ան ինչպիսի՜ խանդավառութեամբ, կեանքի ընկերոջ Տիգրանուհիին հետ ուխտի գնաց մինչեւ հեռաւոր Պէյլանը, եւ անոր փլատակ եկեղեցիի աւեր խորանին առջեւ, պարագաներու բերումով իրենց զլացուած եկեղեցական Ս. պսակը վերանորոգեց: Աւելին, իր մկրտութեան լքեալ քարէ զանգուածեղ աւազանը, մեծ զոհողութեամբ փոխադրել տուաւ մինչեւ Լոս Անճելըս: Հայու տոկալու, անաղարտ մնալու ահաւոր յամառութեան հիանալի եւ աւանդապաշտ նմոյշ դրուագ մըն էր իր այս սխրագործութիւնը: Այս ոգիով ալ ան դաստիարակեց իր զաւակներն ու մանաւանդ թոռները. սիրեց, գուրգուրաց եւ հպարտացաւ անոնցմով: Եղաւ օրինակելի ամուսին, տիկնոջ՝ կորովի Տիգրանուհիին հետ, կողք կողքի, կերտեց բարգաւաճ եւ ջերմիկ բոյն մը, եւ անոր կողքին, չմոռցաւ իր ձեռք բերած բարիքներէն բաժին հանել իր ազգին ու հաւաքականութեան:
Ան ունէր մանուկի մը վճիտ ու փխրուն հոգին, որ կը թրթռար հայկականութեամբ եւ խոր մարդկայնութեամբ: Ինչ որ հայկական էր ու մարդկային, լալու չափ կը յուզէր զինք: Իր հայրենասիրութիւնը խօսքէ աւելի՝ գործով, նուիրումով եւ նուիրաբերելով ան կ՛արտայայտէր: Ծանօթ է բոլորին իր իշխանական նուիրատուութիւնը՝ ի նպաստ հայ դպրոցին, հայ ակումբներուն: Ան անաղմուկ ստանձնած է մեկենասութիւնը տասնեակ մը հայ գիրքերու: Իր նիւթական օժանդակութեամբ կազմակերպած է զանազան համագումար-սեմինարներ: Օգնած է անխտիր կարիքաւորներուն, մտաւորականներուն եւ մանաւանդ, միշտ գործով քաջալերած է երիտասարդական շարժումներն ու իրագործումները:
Այս բոլորին առընթեր, Նուպար հիանալի ընկեր, բարեկամ ու սրտակից բաժնեկիցն էր մեր (Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան-Խմբ.) Շիրակաշէնի շրջանակին, ու անոր եռուն, կենսունակ անդամը: Համոզուած ըմբոստն էր ամէն տեսակի անարդարութեան դէմ եւ անխոնջ քննադատը՝ ազգային մեր շեղ բարքերուն: Կը հաւատար միասնական ուժին եւ կ՛այպանէր հատուածային բաժանումներն ու խռովութիւնները: Իր մնայուն տառապանքն էր՝ Հայաստանի մէջ տիրող կամայականութիւնը, ահռելի կաշառակերութիւնն ու բռնարարքները:
Իր մօտ անպակաս էր նաեւ զուարթախոհութիւնը, որ հիանալի կը դրսեւորուէր իր աշուղական յօրինումներով՝ Պէյլանի եւ պէյլանցիներուն նուիրուած իր աննման Էպոս-դիւցազներգութեամբ, ուր երգիծանքը կը յորդէր մեծ երեւակայութեան թռիչքներով: Այնքան պիտի ուզէինք, որ ձայներիզի վրայ արձանգրուած ըլլային այդ յօրինումները:
Շիրակաշէնի մեր ընկերներուն անունով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը փոխանցեմ իր ազնիւ կնոջ, զաւակներուն եւ թոռներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր ազգականներուն ու հարազատներուն, մաղթելով, որ մխիթարուին եւ ոգեպնդուին Նուպարի պայծառ յիշատակով, այն հիանալի մարդուն, որ «տալն ու բաշխել»ը գերազանցապէս նախընտրեց եսասիրական «առնել»ներէն:
Հանգիստ՝ իր յոգնաբեկ ոսկորներուն:
.ՃՇԴՈՒՄ. Վարէն 14րդ տողին մէջ խմբագրութեան կողմէ փակագիծի մէջ ներդրուածը թէ «Շիրակաշէն» խմբաւորումը «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մէկ մասնաճիւղն է» ամբողջութեամբ չի համապատասխանէր իրականութեան: «Շիրակաշէն» խմբակցութիւնը անկուսակցական է եւ ապաքաղաքական:, թէեւ իր անդամներուն մէջ կան Ռամկավարներ, Դաշնակցականներ եւ Հնչակեաններ անկուսակցականներու կողքին:
Ս.Վ.