
«Մահկանացու ծնեալ, զանմահ զիւրն յիշատակ եթող»
Քաջերը մահ չունին։ Բոլորը կը վախնան քաջէն, անգամ մահը կը սոսկայ անկէ եւ զինք կը գտնէ դարանակալ։
Նմանօրինակ քաջերէն մէկը եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Իշխան՝ պրն. Վիգէն Շաղզոյեանը։
Քուէթահայ գաղութն ու Ազգային վարժարանը՝ ի դէմս իր հին ու նոր բոլոր անդամներուն, կը սգայ մահը այն մարդուն, որ եղաւ քուէթահայ համայնքի ու Ազգային վարժարանի գլխաւոր հիմնադիրներէն մէկը։
Հոգեպէս խորտակուած ու սրտաբեկ կանգնած ենք փաստի առջեւ, սակայն մեզմէ հեռու կը վանենք տկարութիւնը՝ ողբալու անոր մահը, որովհետեւ հերոսներու մահը չեն ողբար, այլ անոնցմով կը հպարտանան ու կը սքանչանան։
Իբրեւ ազգային խոր իմացականութեան եւ զօրաւոր խառնուածքի մարդ, ան գիտցաւ գործին վերաբերող բոլոր խնդիրներուն մօտենալ մտածումի հերոսականութեամբ։ Իբրեւ բարձր բարոյականի մարդ՝ եղաւ ահեղ ու աներկիւղ, մնաց անողոք այն բոլորի հանդէպ, որոնք այս աշխարհի մէջ, անձնական շահը սկզբունք դարձուցած, «ծախու հանած են իրենց սուրը», կռնակ դարձնելով իտէալին, ու կեանքին մէջ ամէն բան կապած մեռեալ նիւթին, նիւթապաշտութեան։
Ճիշդ յիսուն տարի առաջ, մեզ միացուց մեր ժողովուրդի ընդհանուր ճակատագիրը։ Մեզ միեւնոյն գաղափարի շուրջ հաւաքեցին Հայաստանն ու համայն աշխարհով սփռուած հայերու ապագայի հարցը, եւ անոր ու անոր նմաններու շնորհիւ, մենք աւելի ջերմօրէն սիրեցինք հայրենիքն ու անոր ճակատագիրը։
Տարիներն անցան։ Մենք վկայ եղանք անոր հոգիի վեհութեան՝ որպէս անմնացորդ նուիրեալ իր հայրենիքին ու քուէյթեան անապատներուն մէջ հոգեպէս անօթեւան մնացած իր հայրենակիցներուն։ Որպէս մեծ բարերար եւ նուիրատու եղաւ ու կը մնայ այն լուսատու փարոսը, որ դեռ շատ երկար պիտի լուսաւորէ քուէյթահայ համայնքի ճանապարհը:
Ահա մարդ մը, որն ըլլալով ռազմաշունչ ցեղի կայտառ ծնունդ, իրաւամբ կը գրաւէ իր իւրայա-տուկ տեղը հերոսներու փաղանգին մէջ։ Ան իր սրտի լարերը թրթռացուց տառապող ու պայքարող հայութեան համար։
Ան ապրեցաւ ու տառապեցաւ գերմարդկօրէն, ըմբոստացաւ մարդկային անարդար ճակատագրի, քաղաքական բռնութեան եւ ընկերային անարդարութեան դէմ։ Աննկուն պայքարի տէրն էր ու մնաց այդպէս՝ մինչեւ վերջ։ Տառապեցաւ ու աշխատեցաւ յանուն պանդուխտ ժողովուրդի բարեկեցիկ ապագային, ո՛չ իբրեւ մարդասիրական արարք, ո՛չ ալ իր ճակատը զարդարող լուսապսակին փառքի նոր ճառագայթ մը աւելցնելու ցանկութեամբ։ Ո՛չ։ Ան տառապեալին ձեռք երկարելու բերկրանքով բաւականացաւ եւ գիտցաւ արհամարհել փառքի դափնին։
Ապրեցաւ ու զգաց մեր տարագրութիւնը, որովհետեւ մէկն էր մեր ժամանակներու ամենազգայուն որդիներէն եւ չէր կրնար չզգալ աշխարհի ցաւերէն ամենավսեմն ու հերոսականը։
Որպէս Քուէյթի Ազգային վարժարանի յոբելինական հանդիսութիւններու գործադիր մարմին, վկայ ենք անոր տարած անձնուէր գործունէութեան՝ պատշաճ մակարդակով նշելու մեր Սուրբ Օճախին յիսնամեակը՝ թէ՛ Քուէյթի եւ թէ՛ Ամերիկայի մէջ։ Ան զօրավիգ կանգնեցաւ մեզ՝ տրամադրելով իր ձեռքին տակ ունեցած բոլոր արխիւները։
Հաւաքական աշխատանքի եւ միասնութեան գաղափարի որպէս ջատագով ու յառաջամարտիկ, ան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Քուէյթի Ազգային վարժարանի բակը յուշակոթող տեղակայելու ծրագրին։ Իր լայնամիտ խորհուրդները դեռ կը հնչեն մեր ականջներուն մէջ։
Ան միշտ կը խրախուսէր հաւաքական աշխատանքը՝ յիշելով տարիներ առաջ դպրոցի հողի գնման ժամանակ կայացած հայ համայնքի աննախադէպ միասնութիւնը։
Վիգէնի հոգիի վեհութիւնը յաջորդ սերունդներուն կտակուած անգնահատելի հարստութիւն մը պիտի ըլլայ իսկապէս:
Խաղաղութի՜ւն աճիւններուդ։
Քուէյթի Ազգային Վարժարանի
Յոբելինական Հանդիսութիւններու Կեդրոնական եւ Ամերիկայի
Գործադիր Մարմին
Քուէյթ, 24 Փետրուար, 2011
Mer medzerou sharkin unguer Viken shaghzoyan ayo herosnere tchen mernir……………………………….