
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, պատմաբան Հայկ Դեմոյեանի տեղեկութիւններով, Փետրուար 24ին, ատրպեճանական մամուլին մէջ «ba-ku.am» կայքի ստեղծման առիթով արդէն իսկ հրապարակուած են բաւական սուր քննադատութիւններ:
Դեմոյեան կը յայտնէ, թէ Ատրպէյճանէն ստացուած են եւ տակաւին կը ստացուին հայհոյախառն բովանդակութեամբ բազմաթիւ նամակներ. «Մենք հետեւում ենք ատրպեճանական մամուլի բոլոր քննարկումներին եւ կարող ենք ասել, որ այս նախաձեռնութիւնը մեծ աղմուկ է բարձրացրել այնտեղ», ըսաւ Հայկ Դեմոյեան՝ աւելցնելով, որ ատրպեճանական «հաքըր»ները (կայքահէնները), սոյն կայքին վրայ յարձակումի փորձ չեն կատարած տակաւին, սակայն նման փորձի պարագային, ըստ Դեմոյեանի, արդէն իսկ նախատեսուած են յատուկ միջոցառումներ։
Յիշեցնենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, վերջերս բացուած է եռալեզու «baku.am» համացանցային կայքը, ուր առաջին անգամ ըլլալով Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի պատմութիւնը ներկայացուած է առանց խեղաթիւրումներու եւ այլատեացութեան՝ հիմնուած պատմական փաստերու վրայ:
Հ. Դեմոյեան նաեւ նշեց, որ իրենք տպաւորուած են կայքը այցելողներու մեծ թիւով, որ ակնկալուածէն աւելի էր:
Ըստ պատմաբանին, աշխարհի մէջ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը վարող երկրորդ պետութիւն մը հնարաւոր չէ գտնել. «Ատրպէյճանը սեփական հասարակութեանը պատերազմի պատրաստող պետութիւն է: Չկայ մի երկիր, որ ամէն օր իր առաջին դէմքի մակարդակով խօսի պատերազմ վերսկսելու մասին», պարզաբանեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնը՝ աւելցնելով, որ հիմնարկին կողմէ նմանատիպ նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակուին: