
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ հաղորդագրութեամբ մը ապահովական ուժերուն հրամայեց պաշտպանել իր 32ամեայ իշխանութեան վերջ տալ փորձող ցուցարարները։ Ուաշինկթընի մէջ Եմէնի մամլոյ կցորդին կողմէ Հինգշաբթի, Փետրուար 24ին տարածուած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, թէ կառավարութիւնը «պիտի շարունակէ պաշտպանել խաղաղ հաւաքներ կատարելու եւ ազատ խօսքի իրաւունքները»:
Անցեալ շաբաթէն ի վեր, Եմէնի խռովութեանց ընթացքին 15 զոհ արձանագրուած է։ Ցարդ Եմէնի խորհրդարանի 11 անդամներ հրաժարած են Սալեհի ղեկավարութեամբ իշխող կուսակցութենէն՝ բողոքելով ցոյցերու ընթացքին կիրարկուող բռնարարքերուն դէմ։ Խորհրդարանին շուրջ 80 առ հարիւրը տակաւին կը շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ նախագահին։