– «Քայիտա»ի թիւ երկու դէմքը՝ Այման Զաուահիրի, Հինգշաբթի, Փետրուար 24ին հրապարակուած պատգամի մը մէջ կոչ ըրաւ Արեւմուտքի թիրախներուն դէմ նոր յարձակումներ իրականացնելու, միաժամանակ Եգիպտոսի ղպտի եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը ամբաստանեց միջկրօնական լարուածութիւններ ստեղծելու յանցանաքով: Ան հերքեց այդ լուրը, թէ «Քայիտա»ն պատասխանատու է ղպտիներու եկեղեցւոյ ականահարման, որ 21 զոհ խլած էր այս տարեսկիզբը, սակայն ակնարկութիւն չըրաւ Մուպարաքի տապալումին մասին: Յայտնենք, թէ Երեքշաբթի օր հարաւային Եգիպտոսի մէջ ղպտի հոգեւորականի մը դաշունահարուած դիակը գտնուած էր: Ոճիրը պատճառ դարձաւ, որ հազարաւոր քրիստոնեաներ բողոքի ցոյց կատարեն Ասիութի մէջ։
– 2005էն ի վեր, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ընդծովեայ քարիւղի ու կազի հանքեր շահագործելու 4603 արտօնագիր տուած են, մինչ նոյն ժամանակամիջոցին, ովկիանոսի մէջ հաստատուած հովերէն ուժանիւթ արտադրելու միայն մէկ ծրագիր վաւերացուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.