
ՊԱՂՏԱՏ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հազարաւոր իրաքցիներ Ուրբաթ, Փետրուար 25ին, երկրի տարածքին առնուազն 17 ցոյցեր կատարեցին՝ բողոքելով զեղծարարութեանց եւ հիմնական սպասարկութեանց բացակայութեան դէմ։
Առնուազն 15 զոհ եւ հարիւրէ աւելի վիրաւորներ արձանագրուեցան ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ բախումներուն հետեւանքով: Պաղտատի մէջ, հազարաւորներ խուժեցին դէպի «Կանաչ գօտի» առաջնորդող Հանրապետութիւն կամուրջը. ցոյցը ընդհանուր առմամբ խաղաղ էր: Պասրայի մէջ, շրջանի կառավարիչը հրաժարեցաւ ժողովրդային ցոյցի ճնշումին տակ: Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Քերքուքի, Ֆալուճայի ու Մոսուլի մէջ:
Այլ ցոյցեր ալ տեղի ունեցան Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ, ուր տասը հազար ցուցարարներ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան ջնջումը պահանջեցին։
Թունուզի մէջ տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ ժամանակաւոր կառավարութեան հրաժարականը պահանջեցին։ Եմէնի տարբեր քաղաքներու մէջ եւս տասնեակ հազարաւորներու ցոյցեր տեղի ունեցան, եւ հակառակ ցուցարարներու վրայ չկրակելու նախագահի հրահանգին, Ուրբաթ օր երիտասարդ ցուցարար մը սպաննուեցաւ Ատենի մէջ, երբ ոստիկաններ կրակ բացին ցուցարարներու վրայ:
Եգիպտոսի մէջ, միլիոնաւոր ցուցարարներ հաւաքուեցան Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակը՝ Հուսնի Մուպարաքի կողմէ նշանակուած նախարարներու հեռացումը պահանջելով, իսկ իշխող զինուորականները խոստացան «հակայեղափոխութեան» դէմ կանգնիլ՝ յայտնելով, որ «անցեալի վերադարձ չկայ»։
Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Պահրէյնի մէջ։