
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Հայաստան» հիմնադրամը, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղն է, Երկուշաբթի, Փետրուար 28 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ վերընտրած է իր ատենապետը՝ իրաւաբան Արա Ակիշեանը:
Ակիշեանի վերընտրութեան միաձայն որոշումը տրուած է հոգաբարձական մարմինին՝ Չորեքշաբթի, Փետրուար 23ի ժողովին ընթացքին: Յայտնենք, թէ իրաւաբան Արա Ակիշեան, 2009ի Մարտին ատենապետ ընտրուած էր, իսկ 2001էն մինչեւ այդ թուականը՝ «Հայաստան» հիմնադրամին փոխատենապետն էր:
Վերոյիշեալ ժողովին ներկայ էր Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքապետ Գրիգոր վրդ. Շահինեան, Հայ աւետարանական միութեան նախագահ վեր. Յովսէփ Մաթոսեան, Հայկական համագումարէն՝ Ալ Քապրալով, Հայկական մշակութային հիմնարկութեանէն՝ Աւետիք Իզմիրլեանի ներկայացուցիչ Անահիտ Ստեփանեան, ՀԲԸՄէն՝ Հայկ Մսըրլեան, ՀՕՄէն՝ Արուսեակ Մելքոնեան, Նոր Սերունդ մշակութային միութենէն՝ Վազգէն Խոտանեան եւ Թէքէեան մշակութային միութենէն՝ Յակոբ Նազարեան:
Հանդիպումին հիւրաբար կը մասնակցէր նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջազգային հոգաբարձական մարմինէն Արա Պոյաճեան՝ Թորոնթոյէն. ան շնորհաւորեց Ակիշեանի վերընտրութիւնը՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
1988էն ի վեր, իրաւաբանական սեփական հաստատութիւն մը հիմնած Արա Ակիշեանը, ներկայիս գրասենեակներ ունի Էնսինոյի, Սան Տիէկոյի ու Սաքրամենթոյի մէջ, իսկ անոր յաճախորդներու շարքին են մօտաւորապէս «Ֆորչուն 500» ցանկին վրայ գտնուող ընկերութիւններ եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետութիւնը: Ան 15 տարի եղած է Հոլիվուտի «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանի հոգաբարձութեան քարտուղարը, ինչպէս նաեւ եղած է ՀԲԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի մասնաճիւղի ատենապետ ու կնքահայրերէն մէկը՝ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ: