ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մարտ 1ին շարունակուող ՀՀ Ազգային ժողովի քառօրեային, խորհրդարանի ամբիոնէն ՀՅԴ պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան յայտարարած է, թէ Հայաստանի մէջ արտագաղթը սարսափելի չափերու կը հասնի, եւ թէ Հայաստան այդ ցուցանիշով ԱՊՀ երկիրներուն մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը։
Գալստեան ընդգծած է, որ երկիրը կը լքեն ստեղծագործ ուժերը, մարդիկ՝ բարձրագոյն եւ միջնակարգ կրթութեամբ: «Եթէ այսպէս շարունակուի, ապա ՄԱԿի տուեալներով, արտագաղթը Հայաստանից կը հասնի 200 հազարի, եւ դա այն «ֆօն»ին, որ վերարտադրութիւնը Հայաստանում 84 տոկոսից իջել է 54 տոկոսի: ՄԱԿի տուեալներով, քանի տարի անց Հայաստանի բնակչութիւնը կը հասնի 1.5 միլիոնի», նկատել տուած է Գալստեան՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները որեւէ քայլ չեն կատարեր ժողովրդագրական բացասական երեւոյթները կանխելու ուղղութեամբ, այլ, ընդհակառակը՝ կը խթանեն անոր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.