ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մարտ 1ին, Հայաստանի ԱԺ նիստին, կազամատակարարման ոլորտը ուսումնասիրող ժամանակաւոր յանձնաժողով մը ստեղծելու նախաձեռնութիւնը քննարկելու ընթացքին, ԱԺ ՀՅԴ պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան յայտարարած է, թէ Հայաստանի մէջ կազի քաղաքականութեան հարցը դարձած է թիւ մէկ հարցը ամբողջ բնակչութեան համար։ Անոր հաւաստիացումով, կազի բարձր գինին պատճառով, ընտանիքներ կը քայքայուին եւ ժողովուրդը կը գտնուի խռովութեան շեմին։
«Ժամանակաւոր յանձնաժողովը պէտք է պատասխանի այն հարցին, թէ ինչո՞ւ Հայաստանը սահմանին Ռուսաստանից կազը գնում է 180 տոլարով՝ 1000 խմ.ի (խորանարդ մեթր) համար, իսկ վաճառում 360 տոլարով: Ինչո՞ւ Մոլտովան ռուսական կազը ստանում է 233 տոլարով, իսկ վաճառում 312 տոլարով: Ինչո՞ւ Մոլտովային յաջողւում է, մեզ՝ ո»չ, յայտնած է Յովհաննիսեան:
Ան ընդգծած է, որ ժամանակաւոր յանձնաժողովը պէտք է պարզէ, թէ Ռուսիան ինչո՛ւ բարձրացուցած է կազին գինը, եւ շեշտած է, որ եթէ այսպէս շարունակուի, ապա Հայաստանը կրնայ զրկուիլ վերջին անտառներէն, որոնք կը հատուին եւ կ՛օգտագործուին իբրեւ վառելիք:
Յովհաննիսեան, դիմելով իր գործընկերներուն՝ հեգնանքով ըսած է. «Կարծում եմ՝ այս սրահում պատգամաւորների մեծ մասը դասական կրթութիւն է ստացել, տիրապետում է լատիներէնին եւ բնօրինակով ընթերցել է Օվիդիուսի «Մետամորֆոզները»»:
Յովհաննիսեան առաջարկած է քուէարկութիւնը յետաձգել մինչեւ յաջորդ քառօրեայ, քանի որ հարցի քննարկման ժամանակ, խորհրդարանի սրահին մէջ գրեթէ պատգամաւոր չէր մնացած: Անոր խնդրանքը բաւարարուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.