
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- «Արցախ ռուց ինվեսթմընց» ընկերութեան հրաւէրով Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան Երկուշաբթի գիշեր ժամանեց Պէյրութ։ Վարչապետ Յարութիւնեանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցման հիմնադրամի (Ակրոֆոնտ) տնօրէն Վահրամ Պաղտասարեան եւ ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան։
Նախատեսուած են գաղութային, յարանուանական եւ կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ հայ գործարար շրջանակներու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներ։
Երէկ, Երեքշաբթի, 1 Մարտ 2011ի առաւօտուն, վարչապետ Արա Յարութիւնեան այցելեց Անթիլիաս, ուր ընդունուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ: Հանդիպման ներկայ էին վարչապետին ընկերացող պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Ղարաբաղի օժանդակութեան լիբանանի յանձնախումբը:
Վեհափառ հայրապետը ողջունեց Ղարաբաղի վարչապետին այցելութիւնը, շեշտելով՝ Ղարաբաղի տնտեսական հզօրացման Սփիւռքի հայութեան օժանդակելու հրամայականը: Վարչապետը իր կարգին գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ղարաբաղի հզօրացման աշխատանքներուն մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործօն դերակատարութեան: