
ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանի հրաւէրով Կլենտէյլ գտնուած Կապանի քաղաքապետ Արթիւր Աթայեան, շարունակելով իր այցելութիւններն ու հանդիպումները՝ Չորեքշաբթի առաւօտ ժամը 10էն սկսեալ, իր օգնական Կարէն Ոսկանեանի, Կլենտէյլ-Կապան քոյր քաղաքներու ընկերակցութեան ներկայացուցիչներ Յարութ Մանուկեանի եւ Խաչիկ Խալաթեանի, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլեն Ասատրեանի հետ միասին, ունեցաւ խիտ եւ հարուստ յայտագիր մը:
Ժամը 10ին, Կլենտէյլ քաղաքի Համայնքի զարգացման բաժանմունքի ղեկավար Հասան Հաղանիի հետ հանդիպումը կայացաւ վերջինիս գրասենեակին մէջ, ուր բաժանմունքի ղեկավարը մանրամասնօրէն ներկայացուց համայնքին կապուած աշխատանքներն ու ծրագրաւորումները, ապա պատասխանեց Կապանի քաղաքապետին հարցումներուն:
Իսկ ժամը 11ին, Արթիւր Աթայեան իր ընկերակիցներով ուղղուեցաւ Կլենտէյլ գտնուող Հայաստանի հանրապետութեան Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանը, ուր հնադիպում մը ունեցաւ ընդհանուր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի եւ անոր պաշտօնէութեան հետ: Հիւպատոսը պատուիրակութեան ներկայացուց շինիչ առաջարկներ, իսկ քաղքապետը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար:
Կեսօրէն ետք ժամը 1:30ին, քաղաքապետը իր խումբով այցելեց Կլենտէյլի հրշէջներու կայանը (թիւ 21), ուր ընդունուեցաւ կայանի պետին կողմէ: Այնտեղ, քաղաքապետ Աթայեան ծանօթացաւ հրշէջներու աշխատելաոճին եւ անոնց միջոցներուն:
Ապա, ժամը 3ին, խումբը մեկնեցաւ Կլենտէյլի ոստիկանատուն, ուր հիւրընկալուեցաւ ոստիկանութեան պատասխանատուներուն կողմէ. Արթիւր Աթայեան ու Կարէն Ոսկանեան առաջնորդուեցան շէնքին տանիքը, ուր իրենց կը սպասէր ուղղաթիռ մը. անոր մէջ տեղաւորուելէ ետք, երկու օդաչուներ թռիչք կատարեցին եւ ուղղաթիռը շրջեցաւ Փասատինա, Պըրպենք եւ Կլենտէյլ քաղաքներուն վրայ: 45 վայրկեան տեւող օդային պտոյտէն ետք, քաղաքապետն ու իր օգնականը վերադարձան ոստիկանատուն եւ միացան իրենց ընկերակիցներուն՝ հետեւելու համար ոստիկանատան տաբեր բաժանմունքներու ծանօթացման:
Երեկոյեան ժամը 5ին, նոյն ոստիկանատան սրահին մէջ, քաղաքապետ Արա Նաճարեանի հրաւէրով եւ ի պատիւ Կապանի քաղաքապետ Արթիւր Աթայեանի ու իր օգնականին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն-ճաշկերոյթ մը: Բացումը կատարեց Արա Նաճարեանը՝ ըսելով. «Շատ ուրախ եմ որ այս շաբաթ մեր հիւրն է Կլենտէյլի քոյր-քաղաք Կապանի քաղաքապետ Արթիւր Աթայեանը», ապա մէկ առ մէկ թուեց ներկայ հիւրերուն անունները՝ սկսելով հայ համայնքի կրօնական թէ աշխարհիկ ներկայացուցիչներէն, հասնելով մինչեւ ոստիկանատան ներկայացուցիչները:
Հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 10ին, քաղաքապետ Ա. Աթայեան նոյն խումբով այցելեց Կլենտէյլ քաղաքի գլխաւոր քարտուղար Արտաշէս Քասախեանին: Վերջինս, սիրալիր ընդունելութիւն ցուցաբերելէ ետք, բացատրութիւններ տուաւ քաղաքին մէջ իր աշխատանքներուն մասին եւ պատասխանեց քաղաքապետ Աթայեանի հարցումներուն:
Մէկ ժամ տեւած սոյն հանդիպումէն ետք, ժամը 11ին քաղաքապետին խումբը մեկնեցաւ Կլենտէյլ քաղաքի «Ուէյսթ Մենեճմընթ» եւ «Ռիսայքլինկ»ի (Աղբի հաւաքման եւ վերամշակման կեդրոն) հաստատութիւն, ուր դիմաւորուեցաւ ընկերութեան մասնագէտներուն կողմէ: Ընդհանուր բացատրութիւններ ստանալէ ետք, խումբը առաջնորդուեցաւ տարբեր բաժանմունքներ, ուր անոր բացատրութիւններ տրուեցան աղբի հաւաքման եւ վերամշակման ընդհանուր ու մանրամասն աշխատանքներուն մասին:
Նոյն երեկոյեան ժամը 6:30ին, քաղաքապետ Արթիւր Աթայեան եւ օգնական Կարէն Ոսկանեան ՀՄԸՄի «Արարատ» ակումբին մէջ հանդիսաւոր եւ խանդավառ կերպով ընդունուեցան ՀՄԸՄականներու կողմէ: Եկած էին բազմաթիւ արի-արենոյշներ, մարզիկներ, անոնց ծնողները ու պատասխանատուներ: Քաղաքապետին ի պատիւ տեղի ունեցան մարզական խաղեր եւ գեղարուեստական յայտագիր: Քաղաքապետ Աթայեան մեծ խանդավառութեամբ ողջունեց ՀՄԸՄի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն աշխուժութիւնը:
Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 10ին, Արթիւր Աթայեան, Կապան-Կլենտէյլ քոյր քաղաքներու ընկերակցութեան անդամներ Յարութ Մանուկեան, Արփի Անտոնեան եւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլեն Ասատրեան այցելեցին Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցը (Glendale Adventist Medical Center), ուր ներկայ էր նաեւ Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ եւ խնամակալ խորհուրդի անդամ Լերի Զարեան եւ հիւանդանոցի նախագահն ու գործադիր տնօրէն Մորի Լինը:
Քաղաքապետը հիտաքրքրուած էր արդիկան կազմերով, նկատի ունենալով, որ Կապանի մէջ անոնք գոյութիւն չունին, ուստի հիւանդները ստիպուած են 400 քլմ. ճանապարհ անցնիլ ու երթալ Երեւան՝ արդիական կազմածներով քննութեանց ենթարկուելու համար: Հի-ւանդանոցի պատասխանատուները առաջարկեցին հետագային համագործակցութեանց միջոցներու մասին խորհրդակցիլ: Քաղաքապետը խումբին հետ շրջելով հիւանդանոցի տարբեր բաժանմունքները՝ ծանօթացաւ անոնց: Աւարտին քաղաքապետը յայտնեց, թէ ան շատ բան սորվեցաւ այս այցելութենէն:
Իբրեւ վերջին հանգրուան՝ մէկշաբաթեայ իր այցելութեան, քաղաքապետ Արթիւր Աթայեան, իր օգնական Կարէն Ոսկանեանի հետ Շաբաթ, Փետրուար 26ի առաւօտեան ժամը 10ին հրաւիրուեցաւ Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնը՝ հանդիպելու եւ ծանօթանալու համայնքին: Ներկայ էին նաեւ մամլոյ եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, թեմի առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրէրեանի եւ Մուշէղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչները:
Կապան-Կլենտէյլ քոյր քաղաքներու յանձնաժողովին անունով, Յարութ Մանուկեան նախ ժողովուրդին ներկայացուց նոյն յանձնաժողովի վերջին մէկ տարուան աշխատանքները, ու ծանօթացնելէ ետք քաղաքապետ Արթիւր Աթայեանը, զայն բեմ հրաւիրեց՝ փոխանցելու համար իր խօսքը: Քաղաքապետ Աթայեան յուզմունքով եւ բարձր գիտակցութեամբ ըսաւ. «Կապանի երեխաներուն հագուստեղէն եւ ուտելիք ղրկելու կարիք չկայ այլեւս. ժամանակը հասած է Կապանի եւ Կլենտէյլի միջեւ նոր ձեւի համագործակցութեան սկսելու: Լուրջ ծրագիրներ իրագործելու պահն է հիմա»:
Երկուշաբթի, Փետրուար 28ի երեկոյեան, Կապանի քաղաքապետ Արթիւր Աթայեան եւ իր օգնական Կարէն Ոսկանեան Լոս Անճելըսի օդակայանէն մեկնեցան Հայաստան: