– Ֆրանքֆուրթի օդակայանէն դուրս եկող փոխադրակառքի մը վրայ յարձակումի մը ընթացքին, ամերիկացի երկու զինուորներ սպաննուեցան ու երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան Չորեքշաբթի օր: Քոսովոյի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ ըստ Գերմանիոյ ոստիկանութեան տուեալներուն, ամերիկացիներուն վրայ կրակ բանալէ ետք ձերբակալուած զինեալը, Քոսովոյի քաղաքացի մըն է: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ նաեւ, թէ սպաննուած զինուորները Բրիտանիա հաստատուած ամերիկացի նաւաստիներ էին:
– Չորեքշաբթի օր, Փաքիստանի դաշնակցային կառավարութեան միակ քրիստոնեայ նախարարը՝ Շահպազ Պաթի, իր մօր բնակարանին դիմաց սպաննուեցաւ անյայտ զինեալներու կողմէ: Պաթի անցեալին, զանազան առիթներով մահուան սպառնալիքներ ստացած էր «Քայիտա»էն ու «Թալեպան»էն, ու սովորաբար թիկնապահներով կը շրջագայէր, սակայն Չորեքշաբթի օր, ան առանց անոնց այցելած էր իր մօր բնակարանը:
– Անգլիական «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթը անցեալները գրած էր, թէ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Իրանէն 25 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն ստացած էր նախորդ ընտրութեան ընթացքին։ Թերթը Երեքշաբթի, Մարտ 1ին հաղորդեց, թէ այս լուրը սխալ էր՝ ներողութիւն խնդրելով կուսակցութենէն ու վարչապետ Էրտողանէն:
– Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Հինգշաբթի, Մարտ 3ին միօրեայ այցելութեամբ մը Եգիպտոս պիտի մեկնի, ուր հանդիպում պիտի ունենայ ժամանակաւոր իշխանութեան՝ զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդին հետ։ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Կիւլի այցելութեան նպատակն է՝ զօրակցութիւն յայտնել եգիպտական պետութեան եւ ժողովուրդին, նաեւ եգիպտացի պաշտօնատարներուն ներկայացնել փոխանցման շրջանին վերաբերեալ իր տեսակէտները։
– Հարաւային Եմէնի մէջ կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցերուն ընթացքին երկու ցուցարարներ սպաննուեցան Չորեքշաբթի օր, երբ ապահովական ուժեր կրակ բացին ցուցարարներու ուղղութեամբ։ Ցուցարարները հակադարձեցին՝ ապահովական ուժերուն պատկանող երեք ինքնաշարժներ հրկիզելով։
– Եգիպտոսի ընդհանուր դատախազը Չորեքշաբթի օր որոշեց սառեցնել նախկին նախագահ Հոսնի Մուպարաքի ու անոր ընտանեկան պարագաներուն հաշիւները, միաժամանակ պահանջելով անոնցմէ, որ երկրէն դուրս չմեկնին, մինչեւ հետաքննութեանց աւարտը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.