ՊԱՔՈՒ.- «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի երկաթուղային վարչութիւններուն ներկայացուցիչները կը քննեն միացեալ ձեռնարկութիւն ստեղծելու հարցերը՝ Իրան-Ատրպէյճան երկաթուղիի մը կառուցման ծիրին մէջ։ Այս երկաթուղին հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցի միջանցքի նախագիծին մէկ մասը պիտի ըլլայ: Ատրպէյճանի տարածքին վրայ կը նախատեսուի կառուցել մինչեւ Ասթարա կայարան հասնող շուրջ 8.5 քիլոմեթր երկարութեամբ երկաթուղի։ Անհրաժեշտ պիտի ըլլայ նաեւ կառուցել սահմանային երկաթուղային կամուրջ։
Ըստ նախատեսութեանց, հիւսիս-հարաւ միջանցքով բեռնափոխադրումը սկզբնական հանգրուանին պիտի կազմէ տարեկան 5 միլիոն թոն, իսկ հետագային կը նախատեսուի ծաւալները բարձրացնել մինչեւ 10-15 միլիոն թոնի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.