ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Տիւսելտորֆի թուրքերուն հետ անցնող շաբաթավերջի հանդիպման եւ մօտ տասը հազար թուրքերու ներկայութեամբ անոր ունեցած ելոյթին ընթացքին արտասանուած խօսքերը դժգոհութիւն ստեղծած են գերմանական մամուլէն ներս։ Մամուլին կարծիքն այն է, որ Էրտողան Գերմանիա եկած էր գերմանաբնակ թուրքերը գրգռելու ու կացինահարելու համար Գերմանիոյ բարքերուն յարմարուելու անոնց ճիգերը։
Գերմանական «Պիլտ» թերթը գրեց, որ Էրտողանի այցելութիւնը գրգռիչ էր ու ան Տիւսելտորֆի մէջ ընտրական արշաւ կը կիրարկէր այս կերպով։ Թերթը նշեց նաեւ, որ տասը հազար թուրքեր, որոնք Էրտողանը մտիկ ընելու եկած էին, «Թուրքիա քեզմով հպարտ է» կը գոչէին։
«Ֆրանքֆուրթէր Ռունտշաու» թերթն ալ անդրադարձաւ թրքերէնի մասին Էրտողանի ըրած յանձնարարութիւններուն ու հարց տուաւ, թէ Գերմանիոյ մէջ ո՞րն է առաջնահերթը՝ գերմաներէ՞նը, թէ թրքերէնը։ Թրքերէնի մասին Էրտողանի խօսքերը դժգոհութիւն յառաջացուցին Գերմանիոյ մէջ կառավարութեան գործընկեր միւս կուսակցութիւններուն մօտ եւս։
Էրտողան Գերմանիոյ մէջ թուրքերուն ըսած էր, որ անոնց զաւակները անշուշտ գերմաներէն պէտք է սորվին, բայց անկէ առաջ պէտք է սորվին թրքերէնը։
Բազմաթիւ գերման քաղաքագէտներու կարծիքն այն է, որ գերմանաբնակ թուրքերը, նախքան թրքերէնը՝ գերմաներէն պէտք է սորվին։ Կան նաեւ գերման քաղաքագէտներ, որոնք պաշտպանեցին Էրտողանը ու չբաժնեցին անոր հասցէին կատարուած քննադատութիւնները։
Քրիստոնեայ ժողովրդավար միութեան կարկառուն դէմքերէն Ռուփրեխթ Փոլենց, օրինակ, ըսաւ, որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ գաղթական ընտանիքներու զաւակները պէտք է նախ սորվին իրենց մայրենի լեզուն, եւ որ Էրտողան իրաւունք ունի այսպէս խօսելու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.