ՊՐԵԿԱ, Լիպիա, «Էյ.Փի.».- Լիպիոյ ղեկավար Մուամմար Քազաֆիի ընդդիմադիրները Չորեքշաբթի, Մարտ 2ին ետ մղեցին Քազաֆիի հաւատարիմ ուժերը, որոնք կը փորձէին գրաւել երկրին արեւելքը գտնուող ու քարիւղի կարեւոր կեդրոն մը հանդիսացող Պրեկա քաղաքը։ Այս յարձակումը, արեւելեան Լիպիոյ մեծ մասը կորսնցնելէ ետք լիպիական վարչակարգին կողմէ առաջին յարձակումն էր այդ շրջանին մէջ։ Քազաֆիի ուժերը ձախողած էին նաեւ վերագրաւել արեւմտեան Լիպիոյ մէջ քանի մը այլ քաղաքներ, որոնք ըմբոստներուն ձեռքը անցած են:
Քազաֆիի հաւատարիմ ուժերը, որոնք նաեւ ռազմական օդանաւեր գործածած են, Չորեքշաբթի օր նախ կրցած են գրաւել Պրեկան, սակայն աւելի ուշ դուրս մղուած են։ Բուռն բախումներու ընթացքին, ընդդիմադիր ուժերու շարքերուն մէջ արձանագրուեցաւ առնուազն 6 զոհ եւ 18 վիրաւոր:
Բախումներ տեղի ունեցան նաեւ Աժտապայայի մէջ, ուր 16 զոհ արձանագրուեցաւ։ Քազաֆիի հակառակորդները վար առած են օդանաւ մը, որ քաղաքը կը ռմբակոծէր։
Թրիփոլիի մէջ, Քազաֆի անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ «մինչեւ վերջին մարդն ու կինը պիտի կռուինք»։ Ան քննադատեց իր վրայ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու բանեցուցած ճնշումները՝ զգուշացնելով, որ հազարաւոր լիպիացիներ պիտի մեռնին, եթէ ամերիկեան եւ ՆԱԹՕի ուժերը տագնապին միջամտեն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.