ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան գործադիր մարմինին անունով, Երեքշաբթի, Մարտ 1ին հաղորդուեցաւ, թէ կուսակցութիւնը վերջ կու տայ անցեալ տարուան Յունիսէն ի վեր ի զօրու զինադադարին։ Զինեալ գործողութիւնները դադրեցուած էին այն ակնկալութեամբ, որ կառավարութիւնը դրական որոշումներ պիտի ընդունէր քիւրտերու ու լեռ բարձրացած յեղափոխականներու մասին, բայց կառավարութիւնը գոհացում չէ տուած այս ակնկալիքներուն:
Զինադադարին վերջ տալու որոշումը մտահոգիչ նկատուեցաւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սելահատտին Տեմիրթաշի կողմէ: Ան ըսաւ, որ քիւրտերը իրենք պէտք է գտնեն իրենց հարցերուն լուծումը։ «Հողատարածքը այս շրջանին վառօդի տակառ մըն է ու պայթելու աստիճանին հասած է, բայց ոչ մէկը կը նշմարէ ասիկա», ըսաւ Տեմիրթաշ։
Տեմիրթաշ այս վիճակին պատասխանատու նկատեց իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը եւ ըսաւ, որ կառավարութիւնը 2002էն ի վեր, շարունակ վատնած է զինադադարի բոլոր որոշումները։ «Ութ տարուան իշխանութեան շրջանին կառավարութիւնը երբեք անկեղծ վերաբերում չունեցաւ խաղաղութիւն հաստատելու գործին մէջ։ Կառավարութիւնը աշխատանք տարաւ պարզապէս իր ստանալիք քուէներու համեմատութիւնը բարձրացնելու նպատակով», ըսաւ Տեմիրթաշ եւ աւելցուց, թէ ապագայ իրադարձութիւնները կախեալ են կառավարութեան առնելիք քայլերէն։
Նոյն կուսակցութեան համանախագահ Կիւլթեն Քըշանաք եւս մտահոգութիւն յայտնեց, թէ այս որոշումին պատճառով, «արիւն պիտի հոսի» եւ աւելցուց, թէ արեան իւրաքանչիւր կաթիլին պատասխանատուն պիտի նկատուի կառավարութիւնը։
Ան ըսաւ, որ անցեալ տարուան Յունիս 13էն ի վեր գործադրուած հրադադարը քրտական տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերուն մէջ կորսուած առիթ մը դարձաւ: Ան սուր նախադասութիւններով քննադատեց վարչապետը ու ըսաւ, որ ան ութ տարիէ ի վեր Անգարայի իր բազկաթոռին մէջ նստած՝ պարզապէս իր տիրապետութիւնը երկարաձգելու մասին կը մտածէ։ Ան աւելցուց, որ վարչապետը ամէն ինչ ըրած է, որպէսզի անելի մատնուին հաշտութիւն գոյացնելու ջանքերը։
Քըշանաք ծանր արտայայտութիւն ունեցաւ նաեւ փոխվարչապետ Ճեմիլ Չիչեքի հասցէին, ու քննադատեց յատկապէս անոր այն խօսքը, թէ՝ կառավարութիւնը կը մերժէ սակարկութիւն ընել «ահաբեկչական» կազմակերպութեան մը հետ։
«Գնա՛ գործիդ: Դուն ո՞վ ես, որ սակարկութիւն պիտի ընես։ Արդէն ժողովուրդի մը լեզուն, ինքնութիւնն ու մշակոյթը սակարկութեան նիւթ չի կրնար դառնալ։ Մենք հրապարակներու վրայ պիտի դիմադրենք մինչեւ վերջ, մինչեւ, որ մեր իրաւունքները ձեռք բերենք։ Պիտի վերակառուցենք ժողովրդավար Քիւրտիստանը։ Դուն ո՞վ ես, որ մեզի արգելք պիտի ըլլաս։ Դուն ո՞վ ես Ճեմիլ Չիչեք», ըսաւ Քըշանաք։
Ան նաեւ աւելցուց. «Վարչապետը Գերմանիա բնակող թուրքերուն խօսք ուղղելով՝ թրքերէն սորվեցէք կ՛ըսէ, բայց հոս վերադառնալէ ետք, այս երկիրի քիւրտերուն «քրտերէնը մոռցէք» կ՛ըսէ։ Ան կ՛ուզէ, որ ամէն մարզի մէջ միայն թրքերէն խօսուի, ուստի ան մեր վարչապետը չի կրնար ըլլալ։ Ան թող երթայ Գերմանիա ու (վարչապետ) Մերքելին օգնականը դառնայ, այդտեղի թուրքերուն իրաւունքները թող պաշտպանէ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.