ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Վերջերս Պոլսոյ մէջ երկու փաստաթուղթեր նոր լոյս սփռած են Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութեանց իրաւունքներու խախտումներուն վրայ: Այդ զեկոյցներուն հեղինակները զգուշաւոր, սակայն ճիշդ գնահատական տուած են հայկական, յունական եւ հրէական համայնքներուն դիմաց ծառացած հիմնախնդիրներուն:
«Զեկոյց՝ ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ» խորագիրը կրող առաջին փաստաթուղթը թուագրուած է 2011 Փետրուար: Անոր հեղինակներն են երեք յայտնի պոլսահայեր՝ Գրիգոր Տօշեմեչեան, Երուանդ Օզուզուն եւ Մուրատ Պեպիրօղլու:
Հեղինակները նպատակ ունէին Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու հիմնախնդիրներուն լուծում գտնել ճիշդ այն ժամանակ, երբ կառավարութիւնը կը նախապատրաստուէր վերանայելու սահմանադրութիւնը՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու իր հնարաւորութիւնները բարձրացնելու համար: Թէեւ հեղինակները չեն նշեր, թէ արդեօք իրենց զեկոյցը ներկայացուա՞ծ է թուրք պաշտօնեաներուն, սակայն իշխանութիւնները, անկասկած, տեղեակ են այդ զեկոյցի բովանդակութեան: Անիկա թրքերէն լեզուով տեղադրուած է Պոլսոյ մէջ գործող hyetert.com կայքէջին վրայ: Ստորեւ թարգմանաբար ներկայացուած են զեկոյցին հիմնական կէտերը.
– Ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւններուն առջեւ ծառացած դժուարութիւնները, հեղինակները կը կապեն 1923ին Թուրքիոյ հանրապետութեան ստեղծման հետ, իբրեւ միաձոյլ, միատարր պետութեան, որ հիմնուած էր մէկ մշակոյթի եւ մէկ կրօնի վրայ: Այդ քաղաքականութիւնը լուրջ հետեւանքներ ունեցած է փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, անոնց ստիպելով երկիրէն փախչիլ՝ կամ ձուլուիլ:
– Ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւնները կը դիտուէին կա՛մ իբրեւ օտարերկրացիներ, կա՛մ իբրեւ պետութեան ներքին թշնամիներ: Հնարաւոր չէ գտնել ոստիկան մը կամ սպայ մը, որ փոքրամասնական որեւէ խումբի անդամ ըլլայ: 1934ին Թրակիայէն հրեաներու տեղահանութիւնը, 1942ին փոքրամասնութիւններու ունեցուածքէն ահաւոր չափի հարկերու գանձումը եւ 1955ի Սեպտեմբեր 6-7ին, Պոլսոյ մէջ յոյներու վրայ կատարուած լայնածաւալ յարձակումները յանգեցուցին ոչ միայն այս համայնքներու աղքատացման, այլ նաեւ անոնց մշակոյթի քայքայման: Այսպիսի խտրական քաղաքականութեան եւ դաժան յարձակումներու հետեւանքով, Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն թիւը զգալիօրէն նուազեցաւ՝ 1927ին 350 հազարէն հասնելով մինչեւ ներկայի 80 հազարին, մինչ թուրքերուն թիւը աւելցաւ վեց անգամով:
– Հեղինակները կը նշեն, թէ թրքական կառավարութիւնը վերջերս վերադարձուցած է փոքրամասնութիւններուն պատկանող քանի մը կալուածներ, որոնք բռնագրաւուած էին 1974էն ի վեր: Սակայն փոքրամասնութիւններու այդ հաստատութիւններուն մասին նոր օրէնքին մէջ առկայ հակասութիւններուն եւ թերութիւններուն պատճառով, վերադարձուած կալուածները չեն կրնար շահաւէտ ըլլալ, որովհետեւ ոչ մէկ համայնքի թոյլ կը տրուի զանոնք վերանորոգել:
– Կառավարութիւնը նաեւ խախտած էր Լոզանի պայմանագիրի 41րդ եւ 42րդ յօդուածները, որոնցմով Թուրքիան պարտաւոր էր ֆինանսաւորում եւ հնարաւորութիւններ ապահովել ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւններուն՝ կրթական, կրօնական եւ բարեգործական նպատակներու համար, ինչպէս նաեւ պահպանել անոնց կրօնական հաստատութիւնները: Բացի Լոզանի պայմանագիրէն, Թուրքիոյ կառավարութիւնը շարունակաբար կը խախտէ նաեւ ՄԱԿի խորհրդաժողովներուն եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական խորհուրդի շարք մը դրոյթները:
– Փոքրամասնութիւններուն առջեւ ծառացած ամենալուրջ խնդիրներէն մէկը այն է, որ թրքական կառավարութիւնը չի ճանչնար Հայոց պատրիարքարանն ու Հրէական ռապպինատը, իբրեւ իրաւականօրէն ճանչցուած հաստատութիւն: Միայն անցեալ տարի, Յունական պատրիարքարանը, վերջապէս ճանչցուեցաւ իբրեւ իրաւական հաստատութիւն:
– Մէկ այլ խնդիր է կառավարութեան կողմից թուրք փոխտնօրէններու նշանակումը՝ փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն մէջ վերահսկողութիւն իրականացնելու համար, ինչ որ խոր անվստահութիւն կը յառաջացնէ: Նոր ուսուցիչներու եւ կղերականներու պատրաստումը նոյնպէս անհնար կը դառնայ, թրքական պետութեան կողմէ կրօնական ճեմարաններու փակման պատճառով: Զեկոյցի հեղինակները կը պահանջեն, որ կղերականներուն արտօնութիւն տրուի կրօն դասաւանդելու փոքրամասնութիւններու դպրոցներէն ներս, ինչպէս էր վիճակը անցեալին:
– Եզրափակելով՝ հեղինակները թրքական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընեն, որ «ժողովրդավարական եւ ժամանակակից» սահմանադրութիւն մշակելու ընթացքին հաշուի առնեն վերոնշեալ բոլոր իրաւական հարցերը:
Երկրորդ փաստաթուղթը հարցազրոյց մըն է, զոր «Ակունք» կեդրոնէն Մելինէ Անումեան վարած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ, արքեպիսկոպոս Արամ Աթեշեանի հետ, պատրիարքարանի 550ամեակի նշման նախապատրաստութեան առթիւ: Ըստ Աթեշեան սրբազանի, Պոլիս կը բնակի 67 հազար հայ, իսկ երկրի ներքին միւս բաժիններուն մէջ՝ 3000 հայ. Անգարայի մէջ՝ 500, Ալեքսանդրէթի մէջ՝ 300, Սեբաստիոյ մէջ՝ 70, Մալաթիոյ մէջ՝ 50, իսկ Խարբերդի մէջ՝ 20 հայ ընտանիք: Բացի ատկէ, սրբազանը նաեւ յայտնած է, թէ Թուրքիոյ մէջ կան 100 հազար հայեր, որոնք կը վախնան բացայայտելէ իրենց իսկական ինքնութիւնը: Այս ցուցանիշները չեն ներառեր Հայաստանէն եկած ապօրինի աշխատողները, որոնք իրենց անօրինական կարգավիճակին պատճառով, իրաւունք չունին պսակադրուելու, իսկ անոնց երեխաները՝ մկրտուելու պատրիարքարանին կողմէ:
Աթեշեան սրբազանը գոհ է այն բանէն, որ վերջին տարիներուն քանի մը բռնագրաւուած կալուածներ վերադարձուեցան հայերուն: Ան յայտնած է, թէ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունի Հայ առաքելական գործող 44 եկեղեցի, որոնցմէ 37ն կը գտնուին Պոլսոյ մէջ, երեքը՝ Ալեքսանդրէթի, երկուքը՝ Տիգրանակերտի եւ մէկական՝ Մարտինի ու Կեսարիոյ մէջ: Նաեւ, Հայոց պատրիարքարանի հովանիին ներքոյ կը գործեն 12 հայկական դպրոցներ, իսկ Հայ կաթողիկէները ունին երեք դպրոց ու տասը եկեղեցի: Ընդհանուր առմամբ, Թուրքիա կ՛ապրին 3000 հայ կաթողիկէներ եւ հազար հայ բողոքականներ:
Քաջալերական է այն, որ ինը տասնամեակ անց, Պոլսոյ հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարները բաւարար քաջութիւնը ունեցան իրենց ձայնը բարձրացնելու՝ ի պաշտպանութիւն իրենց ոտնահարուած քաղաքացիական իրաւունքներուն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմ.՝ Ռ. Աւագեան