ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Մարտ 2ին, երկրի հարաւային բաժինի զօրամիաւորներէն մէկուն մէջ հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը՝ պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմին մասնակցութեամբ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են բանակի մարտական պատրաստուածութեան առնչուող հարցեր: Նախագահը ընդգծած է, թէ պաշտպանութեան բանակի բոլոր ստորաբաժանումները պէտք է մշտապէս պահպանեն բարձր մարտունակութիւնը եւ այդ կերպով նպաստեն հանրապետութեան անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման:
Այնուհետեւ, երկրին ղեկավարը այցելած է Հադրութ, ուր շրջանի վարչակազմի ղեկավար Վալերի Գէորգեանի հետ քննարկած է շրջանի հասարակական-տնտեսական զարգացման հետ կապուած հարցեր: