
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- ԵԱՀԿի մօտ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Անվար Ազիմով Հինգշաբթի, Մարտ 3ին յայտարարեց, թէ Արցախի տագնապը լուծելու գլխաւոր բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի հովանիին տակ: Ան այս հաստատումը կատարած է ռուսական «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Ան շեշտած է, թէ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիր, Ռուսիա իր կարելին պիտի ընէ հակամարտ կողմերուն դիրքերը իրարու մօտեցնելու համար՝ միաժամանակ ընդդիմանալով կողմերուն վրայ պայմաններ պարտադրելու ընտրանքին: