
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ՎԻԳԷՆ ՇԱՂԶՈՅԵԱՆԻ կնոջ՝ տիկին Գոհարին, անոնց զաւակներուն եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն, իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատի մահուան տխուր առիթով։
Մեր անձնական ծանօթութիւնն ու համագործակցութիւնը նորոգ հանգուցեալ Վիգէն Շաղզոյեանի հետ աւելի քան 45 տարիներու անցեալ ունի։ Քաջածանօթ ըլլալով անոր ազգանուէր եւ աստուածահաճոյ գործունէութեան, որպէս Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու հայոց թեմի բազմավաստակ ժողովական, ազգային-հասարակական գործիչ եւ բարերար, անձնական սիրելի բարեկամ, կը սգանք անոր անժամանակ հրաժեշտ առնելը այս աշխարհէն եւ կը բաժնենք վիշտը իր ընտանիքի անդամներուն։
Հանգուցեալն ու իր եղբայրը՝ Արշաւիրը, եղան այն բացառիկ անձնաւորութիւններէն, որոնք Աստուծոյ պարգեւած բարիքներէն առատօրէն բաժին հանեցին Հայոց եկեղեցիին ու դպրոցին, Հայ դատի աշխատանքներուն եւ առհասարակ բոլոր ազգանուէր ծրագիրներու իրագործման, որոնց համար ժամանակին Վիգէն Շաղզոյեանը արժանացած է «Կիլիկեան իշխան»ի շքանշանին։
Վերջերս, երբ Քուէյթ այցելած էր Ամերիկայէն, ուր բնակութիւն հաստատած էր տարիներէ ի վեր, մեր հանդիպումներու ընթացքին որոշուած էր, որ ան ներկայ ըլլայ 2011ի Մայիսին Քուէյթի մէջ տեղի ունենալիք Ազգային վարժարանիս հիմնադրութեան 50ամեակի տօնակատարութեանց գլխաւոր հանդիսութեանց, որուն ընթացքին, ի շարս այլ ազգայիններու, ան պիտի պարգեւատրուէր ընդհանրապէս իր ունեցած ազգային բեղուն գործունէութեան եւ յատկապէս Քուէյթի հայոց դպրոցին մատուցած երախտարժան ծառայութեանց համար։
Ափսո՜ս, անոր այս անակնկալ մահուան գոյժը։ Այսուհանդերձ, մենք կը հաւատանք, որ անոր անունը արդէն իսկ անջնջելիօրէն եւ ոսկի տառերով գրուած է Քուէյթի հայ համայնքի պատմութեան էջերուն, իսկ իր յիշատակն ու բարի համբաւը վառ պիտի մնան Հայ դատի զինուորագրեալներու սրտերուն մէջ։
Ի խորոց սրտի կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ անոր հոգին արժանի ընէ իր լուսեղէն խորաններուն եւ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը պարգեւէ իր հարազատներուն։
«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»։
Մնանք օրհնաձայն սիրոյ
ողջունիւ ջերմօրէն
աղօթարար
եւ վշտակից՝
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
25 Փետրուար 2011
Անթիլիաս