ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Շաբաթ, Մարտ 5ին Սոչիի մէջ կայանալիք Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպան մասին խօսելով՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բարձրաստիճան խորհրդական Էլնուտ Ասլանով Ուրբաթ, Մարտ 4ին յայտնած է, թէ Պաքու կը յուսայ, որ այդ հանդիպման ընթացքին Հայաստան ետքայլ մը կը կատարէ «Ատրպէյճանի հողատարածքներուն նկատմամբ իր որդեգրած ոչ-շինիչ ու անտրամաբանական դիրքէն»: Ան աւելցուցած է, թէ նման բանակցութիւններ կրնան շարունակուիլ, սակայն անոնք եւս որոշ սահման մը ունին, որմէ ետք «մեր իրաւունքն է այլընտրանքներու մասին մտածել»:
Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ միջազգային կազմակերպութիւնները Հայաստանի վրայ յաւելեալ ճնշում կը բանեցնեն, որպէսզի կարելի ըլլայ Ատրպէյճանի վերադարձնել «բռնագրաւեալ տարածքները»:
Սոչիի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպման ընթացքին պիտի քննուին ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցերը:
Ուրբաթ օր նաեւ հաղորդուեցաւ, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները եւս պիտի մասնակցին սոյն հանդիպման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.