
Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայի մէջ կայացող միջազգային ապահովութեան վերաբերեալ գիտաժողովի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն, ղարաբաղեան տագնապին մէջ Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա համագործակցութեան վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ յայտնած է, որ թէ՛ Միացեալ Նահանգները եւ թէ Ռուսիան աշխոյժ կերպով հանդէս կու գան իբրեւ հիմնարար սկզբունքներու աջակիցներ, եւ այդ հարցին մէջ անոնց միջեւ՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներու մակարդակով՝ գոյութիւն ունի սերտ համագործակցութիւն։
Կորտըն նշած է, թէ որոշ անձիք կը պնդեն, որ ռուսերը գործընթացը աստիճանաբար իրենց վերահսկողութեան տակ կ՛առնեն՝ կազմակերպելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հանդիպումներ, «սակայն հարցը այստեղ բոլորովին ուրիշ է։ Ռուսերը աշխարհագրականօրէն մօտ են հակամարտ երկիրներու, եւ աւելի դիւրին է հանդիպում կազմակերպել անոնց միջնորդութեամբ, ըսենք, Սոչիի, Մոսկուայի, Ս. Փեթերսպուրկի կամ Ասթանայի մէջ, քան աւելի հեռու գտնուող Ուաշինկթընի մէջ»։
Ըստ Կորտընի, Միացեալ Նահանգները կը կարծէ, թէ Ռուսիան կը գործէ թափանցիկ կերպով, եւ թէ Մինսկի խմբակի համանախագահող միջնորդ միւս կողմերը՝ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, տեղեակ կը պահուին հանդիպումներու մանրամասնութիւններէն։ «Համանախագահներու միջեւ այս խնդիրին մէջ գոյութիւն ունի փոխվստահութիւն, որովհետեւ անոնք հանդէս կու գան ընդհանուր շահերու պաշտպանութեան դիրքերէն։ Իսկ այդ շահերը կը կայանան Եւրոպայի մէջ համապարփակ ապահովութիւն երաշխաւորելու հրամայականին մէջ», ըսած է ան։
Ատրպէյճանցի մասնակիցներէն մէկը ըսած է, թէ ինք շատ հիասթափուած է ամբողջ գործընթացի տրամաբնութենէն, որովհետեւ Մինսկի խմբակը կը գործէ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր. բանակցութիւններու միակ ձեւաչափն է, սակայն անիկա «որեւէ արդիւնք չի տար»։
Ան Կորտընի հարցուցած է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է յառաջընթաց ունենալ եւ արդեօք այլընտրանքային բանակցային ուղիներ չկա՞ն հարցի կարգաւորման համար։ Կորտըն պատասխանած է. «Հակամարտութիւնը սառեցուած կը համարուի, սակայն յաճախ սահմանային գիծերուն վրայ տեղի կ՛ունենան հրադադարի խախտման միջադէպեր՝ զոհեր պատճառելով։ Սխալ հաշուարկներու հետեւանքով հակամարտութիւնը կրնայ պաղէն տաքի վերածուիլ, եւ անհրաժեշտ է կանխարգիլել այդպիսի կարելիութիւն», աւելցնելով, որ ինք չի կարծեր, թէ խնդիրը Մինսկի խմբակին մէջ պէտք է փնտռել։ «Եթէ անոնք (համանախագահները) զգային, որ կրնայ այլ, աւելի արդիւնաւէտ ձեւաչափ մը ըլլալ, ապա պատրաստ պիտի ըլլային զայն քննարկելու։ Սակայն Միացեալ Նահանգներ կը կարծէ, թէ Մինսկի խմբակը շատ լաւ կ՛աշխատի։ Անիկա մեծ աշխատանք կը տանի, որպէսզի յաղթահարուին գոյութիւն ունեցող անհանգստութիւնները եւ տարակարծութիւնները», ըսած է Կորտըն։
Կորտըն նաեւ շեշտած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացը պէտք չէ կապել այլ հարցերու հետ: