Իւրաքանչիւր անհատ, իւրաքանչիւր հաստատութիւն, միութիւն կամ կազմակերպութիւն կրնայ ամէն օր բողոքել, որ կլանուած է հազար ու մէկ տեսակի անյետաձգելի աշխատանքներով, որ վերապրելու համար պարզապէս այնքան հսկայական ճիգ պէտք է թափէ, եւ որ ընդհանրական այլ հարցերու ու կարիքներու համար շատ քիչ միջոց կամ ժամանակ կը մնայ, եթէ անշուշտ երբեք մնայ:
Ջաւախքը, դժբախտաբար, կարծես այդ ընդհանրական, նոյնիսկ խիստ կարեւոր հարցերէն է, որ սակայն մեր անմիջական անյետաձգելիներու շարքին չէ, ու զայն միայն կը յիշենք պարբերաբար, տարբեր առիթներու, գլխաւորաբար՝ երբ մեր հայրենիքի այդ կտորին վրայ մարդկային անարդարութեան աղաղակող դէպքեր կ՛արձանագրուին, երբ գաղութատիրական մտայնութեամբ ղեկավարուուղ վրացական կեդրոնական իշխանութեանց ներկայացուցիչները կոպտօրէն կը ճնշեն իրենց քաղաքացիները համարուուղ ջաւախքցիներու տարրական իրաւունքները ու երբ այդ ճնշումներուն ընդդիմանալու արտայայտութիւններ կը տեսնենք քաջարի գործիչներու կողմէ, որոնք կը հալածուին, կը բանտարկուին:
Այսօրուան ազգային մեր օրակարգերու հետապնդման գործին մեր կազմակերպական հնարաւորութիւններու տեղաբաշխումը, ճշգրտուած առաջնահերթութիւններու տրամաբանութեամբ մը կը կատարուի, անշուշտ: Բոլոր առաջնահերթ խնդիրներն ալ կը պահանջեն մեր միջոցներուն գերլարումը, եւ մենք, ստիպողաբար, ամէն օր այդ բաշխումը վերադասաւորելու՝ այս յաւելելու ու միւսը պակսեցնելու մտմտուքին մէջ կ՛իյնանք: Այդ մտմտուքը երբեմն մտատանջութեան կը վերածուի, երբ մանաւանդ մեր շրջապատը կ՛ապրի տնտեսական ճգնաժամի պայմաններու մէջ, ուր արդէն իսկ սակարկուող յանձնառութիւնները կը նսեմանան՝ գոյատեւման տարրական կարիքներ հոգալու պարտականութիւններուն արդարացումով:
Միւս կողմէ, իւրաքանչիւր անցնող օր, Ջաւախքը անվերադարձ կորուստներ կ՛ունենայ, ամէն օր անոր հայկականութիւնը գունաթափել դաւանդողները նորանոր զոհեր կը խլեն իր հողին կառչած մնալու վճռականութեամբ լեցուած հայորդիներու շարքերէն: Կ՛արձանագրենք այս փաստերը, կ՛ընդվզինք, կը զայրանանք եւ Ջաւախքի օրակարգին հրատապութիւն տալու տրամադրութիւն կը զարգանայ մեր մէջը: Բայց, աւա՜ղ, միայն կարճ ժամանակուան մը համար:
Այս վիճակէն դուրս գալու որոշումին պէտք է վճռականութիւն ներարկել: Ջաւախքահայութեան խնդիրները, անոր պապենական հողերու վրայ իբրեւ հայ ապրելու տարրական մարդկային իրաւունքը պէտք է պաշտպանել մեր առաջնահերթ խնդիրներուն տրամադրուած միջոցներուն համադաս ուժերով ու կարելիութիւններով, քարոզչական, քաղաքական ու տնտեսական հարթութեանց վրայ գործնականօրէն եւ մշտականօրէն հետապնդելով Ջաւախքահայութեան դատը, որ այսօր բանաձեւուած է իբրեւ Ջաւախքի բնակչութեան ինքնավարութեան իրաւունքի ձեռքբերման ծրագիր, պայքար, աշխատանք:
Այս մտածումներէն մեկնելով՝ կը գնահատենք Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Ջաւախքի յանձնախումբի աշխատանքները: Կը գնահատենք այս յանձնախումբը, որ իր մտասեւեռումը դարձուցած է ջաւախքահայութիւնը, ջանալով միջոցներ գոյացնել այդ հողակտորին վրայ բնակողներու ընկերային, մարդկային, ազգային, տնտեսական վիճակի բարելաւման նպատակներուն համար:
Կ՛ողջունենք այս յանձնախումբի գործունէութիւնը, որ բացի իր՝ ընդհանրապէս Մարտի սկիզբին իրականացնող տարեկան հանգանակային ձեռնարկէն, կը ջանայ մշտապէս հետեւիլ այդ տարածքի առօրեային՝ հրդեհներ մարելու, տագնապներ մեղմացնելու սպեղանիներ փնտռելով, գտնելով ու տեղ հասցնելով:
Կը գնահատենք Ջաւախքի յանձնախումբի նախաձեռնութիւնները՝ յատկապէս ջաւախքցիներուն հետ շփուելու, անոնց հետ մշտապէս հաղորդակցելու, անոնց ցոյց տալու, թէ մինակ չեն, եւ թէ իրենցմով տագնապող ու մտահոգուող ազգակիցներ կան նոյնիսկ ամէնէն հեռաւոր շրջաններու մէջ: Մեծ է այս ձեռնարկներուն արժէքը՝ բարոյական աջակցութեան տեսակէտէն:
Կ՛ողջունենք ու անոր յաւելեալ նեցուկ ապահովելու ճիգին մեր յանձնառութիւնը կը վերցնենք: