
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պոլսոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները կրկին դատական հայց ներկայացուցած են Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան եւ Պոլսոյ նահանգապետին դէմ: Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը Չորեքշաբթի, Մարտ 9ին կը գրէ, թէ դատական հայցը կապուած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան իրաւունքին հետ: Դիմում ներկայացնողներուն ինքնութեան մասին տեղեկութիւն չէ հաղորդուած:
Նշենք, որ մէկ ամիս առաջ թրքական դատարան մը մերժած էր «Կը փափաքինք ընտրել մեր պատրիարքը» պոլսահայ խումբին հայցը՝ շեշտելով, թէ դիմումին քննարկումը դատարանին իրաւասութիւններու սահմաններէն դուրս է:
2010ի Դեկտեմբերին, նոյն խմբակին կողմէ կազմակերպուած էր մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուած էին կարգ մը պահանջներ, ըստ որոնց, անհրաժեշտ է չեղեալ յայտարարել Արամ արք. Աթեշեանի փոխպատրիարք նշանակելու Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումը, եւ կազմակերպել նոր պատրիարքի ընտրութիւններ:
Նախաձեռնող խումբը իր պահանջները նամակով ուղարկած էր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին, ինչպէս նաեւ դիմած՝ վարչական դատարան: Նախաձեռնող խումբի անդամներէն են՝ Յարութ Օզեր, Տիգրան Ալթուն, Մարգար Եսայեան եւ Կարօ Պալեան:
Ներկայիս Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեան անկարող է իր պարտականութիւնները կատարելու: Պոլսահայ համայնքին մէկ մասը կը կարծէ, թէ պէտք է ընտրուի համապատրիարք, որովհետեւ նոր պատրիարք կարելի է ընտել միայն նախկին պատրիարքի մահուան պարագային: