
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսա Հինգշաբթի, Մարտ 10ին քաղաքին ծրագրումի յանձնաժողովի անդամ նշանակած է Ճորճ Վահէ Յովակիմեանը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ անկէ դուրս 35 տարուան փորձառութիւն ունի ճարտարապետութեան, ուժանիւթի խնայողութեան, շինարարական ու գործարարական ծրագրումի մարզերէն ներս:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Անդրանիկ Քիզիրեան ողջունեց նման կարեւոր յանձնաժողովի մը մէջ հայ անդամ մը նշանակելու քաղաքապետին որոշումը՝ աւելցնելով, որ Ճորճ Յովակիմեան իր փորձառութեամբ յատկանշական ներդրում պիտի ունենայ քաղաքի զարգացման աշխատանքներուն մէջ:
Ճորճ Յովակիմեան ներկայիս նախագահն է «ԷրՓլաս» ճարտարապետական խորհրդակցութեանց հիմնարկին, որ կը գտնուի Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը: Անոր հովանիին տակ տեղի ունեցած են «Ֆերահեան» վարժարանի ու «Օլիմփիա» բժշկական կեդրոնի համալիրներու ընդարձակման աշխատանքները: Ան աշխատած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու անջրպետային ծրագիրի Վենտըրպիլթի կեդրոնին եւ «Ուիլեըմ-Մորիս», «Պոյինկ», «Արքօ», «Ռաքուէլ» ընկերութեանց շինարարական ծրագիրներուն վրայ:
Ան գործօն անդամ մըն է նաեւ շրջանի հայ համայնքին. 1991ին ժամանակաւորապէս ստանձնած էր նորանկախ Հայաստանի ուժանիւթի նախարարի օգնականի պաշտօնը՝ մաս կազմելով երկրի ուժանիւթի ենթակառոյցը արդիականացնելու աշխատանքին:
Ճորճ Յովակիմեան վկայուած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն ու Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն: